Ռոնալտօ Ստացաւ «Կլոպ Սաքըր Ըուործ»-ի Մրցանակը
Ինչպէս ծանօթ է, 12 յունուար 2015-ին, Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի պիտի ունենայ ոսկիէ գնդակի յանձնումին արարողութիւնը:
Սակայն երէկ Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), տեղի ունեցաւ «Կլոպ Սաքըր Ըուործ»-ի մրցանակի յանձնումին արարողութիւնը:
Մրցանակաբաշխութեան կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ:
Մէջբերելով Ռոնալտոյին խօսքերը` «Մարքս» կը գրէ. «Ասիկա շատ լաւ նշան է, որ ոսկիէ գնդակին քուէարկութեան ընթացքին մարդիկ ձայն տան ինծի: Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք ի նպաստ ինծի քուէարկեցին:
CATEGORIES Մարզական

