ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ԴԻՄԱՒՈՐԷ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆԻ ՏԻՏՂՈՍԻՆ ՏԻՐԱՑԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ
Հայաստանի նախագահ, ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ երեկոյեան «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորեց Ճատրակի աշխարհի 8-րդ խմբային ախոյեանութեան ընթացքին աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին տիրացած Հայաստանի ճատրակի հաւաքականը` Լեւոն Արոնեանը, Սերկէյ Մովսիսեանը, Վլատիմիր Յակոբեանը, Գաբրիէլ Սարգսեանը, Ռոպերթ Յովհաննիսեանը, ինչպէս նաեւ մարզիչ Արշակ Պետրոսեանը:
Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորեց հաւաքականը` վերջինիս արձանագրած փայլուն յաղթանակին առիթով:
CATEGORIES Մարզական