ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԽՍՏԻՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ՖԻՆԻՒԼ-Ի ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ԳՈՐԾՈՒԱԾ ՊԱՅԹՈՒՄԸ

Նախագահ Սլէյման եւ խորհրդարանի նախագահը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խստիւ դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դէմ գործուած անարգ պայթումը, որ թիրախ դարձուց հարաւային Լիբանանի խաղաղութեան ու ապահովական կայունութեան հսկող ֆրանսական ջոկատը:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց երկրին ապահովական կառոյցներուն բացայայտելու յանցագործները եւ անոնց դէմ խիստ պատիժներ որդեգրելու:

Ան ընդգծեց, որ նման պայթումներու կրկնութիւնն ու յաճախականութիւնը Լիբանանի պատկերը կ՛աղաւաղեն. ան նկատել տուաւ նաեւ, որ երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումը օգտակար եւ անհրաժեշտ ենթահող մըն է երկրին տնտեսութիւնը բարելաւելու, յատկապէս զբօսաշրջութեան բաւական աշխուժ այս ժամանակաշրջանին ընթացքին:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ շրջանին մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն ծիրին մէջ կարեւոր է, որ Լիբանան պահպանէ իր ապահովական կայունութիւնը. ան ընդգծեց, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը խախտելը ամէն իմաստով արգիլուած է, յատկապէս այն երկիրներուն նկատմամբ, որոնք իրենց զինուորները ուղարկած են հարաւային Լիբանան` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ գործադրելու համար միջազգային բանաձեւերը, ի մասնաւորի` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը, որ մնայուն կերպով կը խախտուի Իսրայէլի կողմէ` օդային, ծովային եւ ցամաքային իմաստով:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիին յղեց հեռագիր մը, որուն մէջ դատապարտեց ֆրանսացի զինուորներուն դէմ գործուած պայթումը:

Նախագահ Սլէյման շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց զինուորներուն` հաստատելով, որ Լիբանան նախանձախնդիր է ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ապահովութեան:

Նախագահ Սլէյման եւ Պասիլ

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ երէկ առաւօտեան ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային երկխօսութեան վերսկսելու հեռանկարները:

Նախագահական պալատէն մեկնումի պահուն Պըրրի մերժեց յայտարարութիւն կատարել:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարարը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:

Յետմիջօրէին նախագահ Սլէյմանի այցելեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ հանրապետութեան նախագահը քննարկեց վերջինիս Սուրիա կատարած այցելութեան եւ  նախագահ Պաշշար Ասատի հետ անոր ունեցած հանդիպումին  արդիւնքները:

 

Share this Article
CATEGORIES