50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (29 ՅՈՒԼԻՍ 1961)

ՄՈՍԿՈՒԱ ՌԱԶՄԱՇՈՒՆՉ
ՈՐԱԿԵՑ ՔԵՆԵՏԻԻ ՃԱՌԸ

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔՆԵՐԸ
ԳՈՀ ԵՒ ՀԱՄԱՄԻՏ

ՄՈՍԿՈՒԱ, 26 (ԱՖՓ).- «Նախագահ Քենետի արտասանեց ռազմաշունչ ճառ մը, որուն ընթացքին պարզեց զինուորական պատրաստութիւններու ընդարձակ ծրագիր մը եւ կոչ ըրաւ ՕԹԱՆ-ի իր դաշնակիցներուն, որպէսզի զօրացնեն իրենց ռազմական միջոցները»:

ԹԱՍՍ գործակալութիւնը ճիշդ այս բառերով մեկնաբանեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին ճառը:

ԹԱՍՍ ապա թուեց նախագահ Քենետիի նախատեսած զինուորական միջոցառումները, եւ յիշեց անոր նախադասութիւնը «Խորհրդային Միութեան պատմական մտահոգութեան» մասին:

Ի՞ՆՉ Կ՛ԸՍԵՆ ԳԵՐՄԱՆՆԵՐԸ

ՊՈՆՆ, 26 (ԱՖՓ).- Պոննի կառավարական շրջանակներուն մէջ նախագահ Քենետիի յայտարարութիւնը կը նկատուի «Արեւմուտքի զգալի զօրացումը` ինախատեսութիւն Պերլինի մօտաւոր տագնապին: Իրենց նախագահին բերնով Միացեալ Նահանգները ցոյց կու տան, թէ վճռած են դիմագրաւել Պերլինի տագնապը` իրենց ունեցած բոլոր միջոցներով, քաղաքական եւ զինուորական: Այս վճռակամութիւնը յայտնելով` նախագահ Քենետի ցոյց տուաւ Միացեալ Նահանգներու տիրապետող դերը արեւմտեան զինակցութեանց շրջանակին մէջ»:

Արեւմտեան Պերլինի մէջ փոխքաղաքապետը յայտարարեց, թէ` «Քրեմլին պիտի հասկնայ Քենետիի խօսքերուն խորունկ լրջութիւնը: Ոչ ոք այլեւս կրնայ կասկածիլ Միացեալ Նահանգներու վճռակամութեան, որուն ապացոյցը տրուեցաւ նախագահին ծանուցած զանազան միջոցներով»:

ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ
ԿԱՐԾԻՔԸ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, 26 (ԱՖՓ).– Պիւտճէի յանձնախումբի ազդեցիկ անդամներէն Լեւըրըթ Սերթոնսթալ յայտարարեց. «Քոնկեսը լիովին զօրավիգ պիտի կանգնի նախագահին»:

Արտաքին գործոց յանձնախումբի նախագահ Ֆուլպրայթ յայտարարեց. «Վստահ եմ, որ այսուհետեւ ոչ մէկ տարակոյս գոյութիւն պիտի ունենայ մեր եւ Խորհրդային Միութեան ղեկավարներուն միջեւ»:

ԱՆԳԼԻՈՅ ԿԱՐԾԻՔԸ

ԼՈՆՏՈՆ, 26 (ԱՖՓ).- Ֆորէյն Օֆիսի բանբերը յայտարարեց, թէ բրիտանական կառավարութիւնը լիովին համաձայն է նախագահ Քենետիի ճառին, մանաւանդ այն հատուածներուն, որոնք կը վերաբերին գերմանական խնդիրին եւ Պերլինի:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՄԵԾ ԽԱՐՈՒԿԱՀԱՆԴԷՍ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ,
ՅՈՒԼԻՍ 23-Ի ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Յուլիս 23-ի յեղափոխութեան տօնին առիթով, կազմակերպութեամբ Հալէպի ՀՄԸՄ-ի եւ Երիտասարդաց միութեան, անցած կիրակի գիշեր Հալէպի ՀՄԸՄ-ի դաշտին վրայ մեծ խարուկահանդէս մը տեղի ունեցած է: Խուռներամ բազմութիւն մը ներկայ գտնուած է հանդէսին:

ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, արծուիկները եւ նուագախումբը մասնակցած են այս մեծ ցոյցին: Եղած է նաեւ բանախօսութիւն` պարզելով յուլիս 23-ի յեղափոխութեան իրագործումները:

ՀՄԸՄ-Ի ԲԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

ՀՄԸՄ-ի Հալէպի սկաուտական ընդհանուր բանակումը տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի օգոստոսին: Ըստ առաջնոյն, այս տարի եւս ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը որոշած է օգոստոսի ընթացքին կատարել այդ բանակումը Քեսապի մէջ: Հալէպի Օգնութեան խաչի արծուիկներու բանակումը եւս տեղի պիտի ունենայ օգոստոսի ընթացքին, Քեսապի մէջ:

Օգնութեան խաչի Հալէպի մասնաճիւղը կազմակերպած է պարտիզագնացութիւն մը դէպի Մաշհալէ, օգոստոս 3-ին:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ

40 տարուան ընթացքին Երեւանի համալսարանէն վկայուած են 16 հազար մասնագէտներ:

1921-ին համալսարանը ունէր երկու ֆաքիւլթէներ` հասարակագիտական եւ բնագիտական: Ուսանողներուն թիւը` 255,23 դասախօսներով:

Այսօր համալսարանը ունի 12 ֆաքիւլթէներ` 6 հազար ուսանողներով` 400 դասախօսներէն 17-ը ակադեմականներ եւ Գիտութեան ակադեմիայի թեկնածուներ են, իսկ 50-ը գիտութեան տոքթորներ: Դասախօսական կազմը գրեթէ ամբողջութեամբ հայերէ բաղկացած է, որոնք համալսարանի նախկին սաներ են:

Share this Article
CATEGORIES