ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՀԱՄԼԵԹ ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՈԼՈՐՏԸ

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԵՆՔ, ԵՐԲ ՇԷՅՔՍՓԻՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱԾԵՆՔ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇՏԵՄԱՐԱՆԻ ՄԸ: ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՐԵԼԻ Է ՏԱՐԲԵՐ ՁԵՒՈՎ ԿԱՐԴԱԼ ԵՒ ՎԵՐԼՈՒԾԵԼ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՎԷՊԵՐԸ: ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՄԻՋՈՑՆԵՐ Կ՛ԸՆՁԵՌԵՆ ԳՐԱԿԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՀԱՅԵՑԱԿԷՏԵՐ ԵՒ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ: «ՏԸ ՊՈՍԹԸՆ ԿԼՈՊ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՄԸ` ԳՐԱԿԱՆԱԳԷՏ ՖՐԱՆՔ ՄՈՐԵԹԹԻԻ ՀԵՏ, ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՔԱՆԱԿԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԹԱՓ ԵՒ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՑԱԾ ԵՐԵՒՈՅԹԸ:

Որքան որ գիտենք, գրականագիտութեան հիմնական գործն է խորաթափանց ընթերցումը: Գրականագէտը կը նստի գիրք մը ձեռքին, մատիտ մը բռնած, կը կարդայ ուշադիր, ապա աշխարհին կ՛ըսէ, թէ ի՛նչ նկատած է:

Այսուհանդերձ, Ֆրանք Մորեթթի չի կարդար այն գիրքերը, զորս ինք կ՛ուսումնասիրէ: Աւարտական լսարանի խումբ մը ուսանողներու հետ աշխատելով` Սթանֆորտ համալսարանին մէջ անգլերէնի այս դասախօսը թուային (տիճիթըլ) ձեւի վերածուած հազարաւոր գրութիւններ կը տեղաւորէ համակարգիչի յիշողութեան շտեմարաններուն մէջ, ապա կը պեղէ կուտակուած տեղեկութիւնները` նոր պատասխաններ գտնելու համար նոր հարցումներու: Օրինակ, 19-րդ դարու անգլիական վէպերուն մէջ տիպարները գիրքին սկիզբէն մինչեւ վերջ միջին հաշուով որքա՞ն կը քալեն: Ի՞նչ յաճախականութեամբ կը ստեղծուին երեւակայական գրականութեան ժողովրդականութիւն վայելող սեռեր: Վէպի մը հերոսը միջին հաշուով քանի՞ բառ կը խօսի: Նման եւ այլ հարցումներ դնելով` Մորեթթի դարձած է անպաշտօն առաջնորդը քանակական գրականանագիտութեան ձեւի մը:

Բազմաթիւ ընթերցողներու համար, ինչպէս նաեւ` Մորեթթիի պաշտօնակից ակադեմականներուն, քանակական գրականագիտութեան գաղափարը ինքնին նախատինք մըն է, ուղղուած` գրականութիւնը ուսումնասիրելու արժանի բան մը նկատելու սկզբունքին, այլ խօսքով` անոր գեղեցկութեան եւ իմաստին: Սակայն Մորեթթի համար գրական ուսումնասիրութիւնը ընթերցանութենէն անդին տանիլը հիմնական միջոց մըն է` նոր տեղեկութիւններ ստանալու համար հին գրութիւններէ, նոյնիսկ այն գրութիւններէն, որոնք կ՛ուսումնասիրուին դարերէ ի վեր:

Վերջերս Մորեթթի իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է անգլիական գրականութեան թերեւս ամէնէն աւելի ծանօթ գրութեան` «Համլեթ»ի վրայ: Այս թատրերգութիւնը օգտագործելով իբրեւ տեսակ մը փորձ` Մորեթթի գծած է պատկերը անոր դիպաշարին եւ կազմած է անոր քանակական արժեւորումը` տիպարներուն միջեւ յարաբերութիւնները ցուցակագրելով ցանցի մը պէս, հիմնուած` թատրերգութեան մէջ որեւէ հանգրուանի տիպարներու միջեւ կատարուած խօսակցութիւններուն վրայ: Ան արդիւնքը հրապարակած է «Նեթուըրք թիորի, փլոթ անալիսիս» վերնագիրով յօդուածով մը, որ լոյս տեսած է «Նիւ Լեֆթ Ռիվիու» թերթին մարտ-ապրիլ 2011-ի թիւին մէջ:

Մորեթթիի գծած ցանցերու ուրուանկարին մէջ յաճախ կը թուի, թէ «Համլեթ» բոլորովին նոր թատրերգութիւն մըն է: Օրինակ, կը նկատենք, թէ Համլեթի եւ Քլոտիըսի հետ խօսած տիպարներէն միայն երկուքը կը գոյատեւեն մինչեւ թատրերգութեան աւարտը (Մորեթթի իր գծած ցանցին այս մասը կը կոչէ «մահուան ոլորտ»): Նաեւ կը նկատենք, թէ Շէյքսփիրի բոլոր գործերուն մէջ ամէնէն հռչակաւոր երկրորդական տիպարները` Ռոզենքրանց եւ Կիլտընսթըռն, երբեք չեն խօսիր իրարու հետ:

Թէեւ նման ցանցերու վերլուծումը տակաւին նոր է, սակայն յստակօրէն կ՛երեւին անոր հետ առնչուող Մորեթթիի աւելի մեծ ձգտումները. անիկա միջոց մըն է` դուրս գալու ընթերցողին սահմանափակ հայեցակէտէն, կամ գէթ կ՛ընդունի, թէ նման սահմանափակումներ գոյութիւն ունին:

Երբ հարց կու տանք Մորեթթիի, թէ ի՞նչ են հիմնական տարբերութիւնները աւանդական գրականագիտութեան եւ իր կատարած աշխատանքին միջեւ, ան կը պատասխանէ.

«Գրական աւանդական վերլուծումը իբրեւ առարկայ նկատի կ՛ունենայ ամբողջական գրութիւն մը, մինչդեռ մենք հազարաւոր գրութիւններ կը քննենք միաժամանակ: Մեր քննութեան առարկան տարբեր է… հազար վէպերէ բաղկացած արխիւ մը պատգամ մը չէ` վիպագիրէն ընթերցողին ուղղուած: Հարիւր հազար վէպերու շտեմարան մը պատգամ մը չունի փոխանցելիք ընթերցողին: Հետեւաբար ականջ դնելու պարտաւոր չենք: Փոխարէնը` պէտք է հարցումներ ուղղենք: Սակայն տակաւին շատ լաւ չենք հարցումներ ուղղելու  մէջ»:

Արդեօք գրականագիտութիւնը կը նահանջէ՞:

«Կը նահանջեն ուսմունքները,- կ՛ըսէ Մորեթթի:- Ժամանակին աստուածաբանութիւնը կորիզը կը կազմէր համալսարանական կրթութեան, իսկ այժմ հազիւ թէ կը գոյատեւէ անիկա: Կ՛ենթադրեմ, թէ գրականութիւնը կ՛ապրի նման վիճակ մը, եւ պատճառը ձեւով մը պարզ է. համալսարաններ սկսած են ուսուցանել շարժապատկերի, պատկերասփիւռի, համացանցի, վիտէօ-խաղերու եւ նման նորութիւններու առնչուող գիտելիքներ: Այժմ գոյութիւն ունին մրցակից նիւթեր, որոնք չկային  կէս դար առաջ… Ժամանակը հասած է, որ կարգ մը նոր ծրագիրներ արժանանան լուրջ վերաբերմունքի»:

Թէեւ այլ գրականագէտներ տասնամեակներէ ի վեր որոշ չափով փորձած են կատարել գրականութեան քանակական վերլուծումներ, արդեօք Մորեթթի կը կարծէ՞, թէ իր ճիգերը աւելի յարատեւ արդիւնք պիտի արձանագրեն:

«Այժմ ունինք նոր արխիւներ, նոր շտեմարաններ: Ունինք ամբողջ գրադարաններ, զորս կրնանք պեղել համակարգիչով: Նման բան գոյութիւն չունէր նախապէս: Նաեւ ունինք համակարգչային նոր գործիքներ, որոնք կը կատարեն այնպիսի աշխատանք մը, զոր անցեալին իրագործելու համար մարդուժի բանակի մը պէտք պիտի ունենայինք», կ՛ըսէ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ երբեւիցէ ան համակարգչային ծրագիրներ կամ հանրահաշիւի (ալկորիթմ) տեսութիւններ օգտագործա՞ծ է պատրաստելու համար այն ուրուանկարները, որոնք կ՛ընկերակցին «Համլեթ»ի մասին իր յօդուածին, Մորեթթի կը բացատրէ.

«Դարձեալ կարդացի ամբողջ թատրերգութիւնը եւ պարզապէս նօթագրեցի, թէ ո՛վ կը խօսէր որու հետ, արարէ արար: Ցանցը աստիճանաբար սկսաւ կազմուիլ: Անշուշտ այս մէկը կարելի է եւ պէ՛տք էր կատարել համակարգիչով… Սակայն ուզեցի ունենալ զգացողութիւն մը, գրեթէ ուղղակի զգացողութիւնը այն ցանցին, որ կը ձեւաւորուէր աստիճանաբար»:

Մորեթթի յաւելեալ ի՞նչ բան յայտնաբերած է «Համլեթ»ի մասին, երբ իր աչքերուն առջեւ սկսած է կազմուիլ այս ցանցը:

«Ի յայտ բերի, թէ որքան կեդրոնական տեղ ունէր Հորասիոյի տիպարը այս թատրերգութեան մէջ,- կ՛ըսէ ան:- Եւ ասիկա ինքնին հետաքրքրական է, որովհետեւ Հորասիօ սովորաբար այն տիպարներէն չէ, որուն վրայ կը կեդրոնանանք: Ան շատ տափակ տիպար մըն է եւ սովորաբար կ՛ըսէ շատ տափակ բաներ… Սովորաբար կեդրոնական տիպարները կարեւոր կը նկատենք ամէն ձեւով: Սակայն այստեղ պարագան նոյնը չէ»:

«Այսինքն պէտք է ամբողջութեամբ վերատեսութեան ենթարկենք տիպարի մեր ըմբռնումը,- կ՛աւելցնէ Մորեթթի:- Ասիկա տիպարներու մասին մեր պատկերացումը կը ժխտէ կրկնակի ուղղութեամբ: Այլ խօսքով` միշտ մտածած ենք, թէ անոնք հերոսներ են կամ` աւելի երկրորդական տիպարներ, խորունկ են կամ` տափակ: Այժմ կը թուի, թէ յաւելեալ դիրքեր գոյութիւն ունին այս առանցքին վրայ»:

Իսկ քանակական նման ցանցերու վերլուծումը ներհայեցողութեան ինչպիսի՞ կարելիութիւններ կը ստեղծէ աւելի լայն մակարդակի վրայ:

«Գրականագէտներ հակամէտ են մտածելու «ամբողջութիւնը կամ ոչինչ» նկատի ունենալու մօտեցումով: Անոնք բան մը կը նկատեն հետաքրքրական կամ անիմաստ, ճիշդ կամ սխալ: Սակայն մեր մօտեցումով ի յայտ կու գայ, թէ գոյութիւն ունի այսպէս կոչուած «մասամբ ճիշդը»: Եւ ասիկա տրամաբանական կը թուի ըլլալ, որովհետեւ ամէնօրեայ կեանքի մէջ գիտենք, թէ ինչ կը նշանակէ ասիկա: Սակայն այնպիսի բնագաւառի մը մէջ, ուր վարժուած ենք տարբեր ձեւով մտածելու, հաւանաբար ամէնէն դժուար բանն է, որուն կարելի է անդրադառնալ, թէ` մինչ կը կարծենք, որ ի յայտ բերած ենք բան մը, իրականութեան մէջ ամէն ինչ չէ, որ ի յայտ բերած ենք: Կամ, երբ կ՛անդրադառնանք, թէ ամէն ինչ չենք յայտնաբերած, ասիկա չի նշանակեր, թէ ոչինչ յայտնաբերած ենք»:

Արդեօք  Մորեթթի որեէ ընդդիմութիւն դիմագրաւա՞ծ է այլ ակադեմականներու կողմէ:

«Չեմ ուզեր չափազացնել այս մէկը… ընդհանրապէս բուռն ընդդիմութեան չեմ հանդիպած,- կ՛ըսէ գրականգէտը:- Սակայն երկու տեսակի առարկութիւններ կը լսեմ: Առաջինը կ՛ըսէ. այս ձեւը ապարդիւն է, սակայն որովհետեւ դուն լաւ գրաքննադատ մըն ես, կրնաս արդիւնքներու յանգիլ, նոյնիսկ, երբ կիրարկած ձեւդ ճիշդ չէ: Շատ կարեւորութիւն չեմ տար այս առարկութեան: Երկրորդը կ՛ըսէ. լա՛ւ, հիմա որ յայտնաբերած ես այս բաները, ուրեմն ի՞նչ: Ի՞նչ կը փոխէ ասիկա: Այս առարկութիւնը լուրջ է ինծի համար: Ինչպէս ըսի, նոր մօտեցումները քիչ մը ժամանակի կը կարօտին իրենց ճամբան գտնելու համար: Սակայն պէտք է «ուրեմն ի՞նչ» հարցումին պատասխան մը ունենանք մինչեւ քանի մը տարի: Ո՛չ թէ վաղը, բայց գէթ` մինչեւ 20 տարի»:

Նման ձեւի աշխատանք մը արդեօք շրջա՞ծ է ընթերցանութեան մասին Մորեթթի հայեցակէտը: Արդեօք ան տարբե՞ր ձեւով կ՛ընթերցէ այլեւս:

«Ո՛չ, երբ կը կարդամ, կը շարունակեմ նոյն ձեւով կարդալ,- կ՛ըսէ ան:- Միայն գրականութեան մասին գրելու կամ մտածելու ժամանակ է, որ տարբեր է մօտեցումս: Ֆրանքօ Մորեթթի ընթերցողը նոյնը մնացած է, սակայն հեռաւորութիւնն է, որ աւելցած է Ֆրանքօ Մորեթթի ընթերցողին եւ Ֆրանքօ Մորեթթի ակադեմականին միջեւ»:

 

ԵՐԵՔ ՏԱՐԱՉԱՓՈՒԹԵԱՄԲ
ՔԱՂՑՐ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ

Շատ աւելի երկար ժամանակ տեւած է երեք տարաչափութեամբ ձայներ յայտնագործելու գործընթացը , որքան` երեք տարաչափութեամբ պատկերներ ստեղծելը:

ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՕԳՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՐԵՔ ՏԱՐԱՉԱՓՈՒԹԵԱՄԲ ՁԱՅՆԵՐՈՒ ՍՏԵՂԾՈՒՄԸ ԿԸ ԳՐԱՒԷ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ԵՒ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ: ԱՅՍ ՅԱՅՏՆԱԳՈՐԾՈՒՄԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿՆ Է ԼԻԲԱՆԱՆ ԾՆԱԾ ԵՒ ՓՐԻՆՍԹԸՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍ ԷՏԿԱՐ ՇՈՒԷՅՐԻ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԱՆՈՐ ՅԵՂԱՇՐՋՈՂ ՁԵՒԱԳԾՈՒՄԸ ՆՈՐ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԷ ՁԱՅՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ:

Ֆոմով պատուած սենեակի մը մէջ, ձեր աչքերը փակ, կրնաք լսել մկրատի մը ձայնը, որ կը պարէ ձեր գլխուն վերեւ:

Միայն պակաս է իրական սափրիչի մը քով մկրատի հարուածին տակ գետին ինկող մազին զգացողութիւնը:

Ձայնային երեք տարաչափութեամբ (թրի տայմենշընըլ) այս իրականանման զգացողութիւնը արդիւնքն է ձայնագրուած երաժշտութեան նկատմամբ Էտկար Շուէյրիի բուռն հետաքրքրութեան:

Փրինսթընի համալսարանին մէջ բնագիտութեան դասախօս` Շուէյրիի գլխաւոր պարտականութիւնն է անջրպետանաւերու շարժակներու վրայ աշխատիլը:

Սակայն ունկնդրութեան իր սեփական փորձառութիւնը կարելի չափով իրական դարձնելու մղումով ան սկսած է ձեւագծել ձայները զտող սարք մը` սովորական բարձրախօսներու համար, զանոնք քայլ մը անդին տանելով ամբողջական շրջապատին մէջ արձագանգող ձայնային աւանդական սարքաւորումէն (սըրաունտ):

Շուէյրի միակ անձն է, որ կրնայ ձեւագծել ձայնը զտող երեք տարաչափութեամբ սարքեր:

«Ամբողջական շրջապատին մէջ արձագանգող ձայնը կրնայ ստեղծել որոշ հեռաւորութեան մը վրայ տեղի ունեցող պայթումի մը զգացողութիւնը: Սակայն անիկա ճշգրիտ չէ», կ՛ըսէ Շուէյրի, նստած` ձայնի սարքաւորումի յատուկ իր գիտաշխատանոցին մէջ, համալսարանին տարածքէն ներս:

«Երեք տարաչափութեամբ ձայնային սարքաւորումով կրնամ ճանճ մը պտտցնել ձեր գլխուն վերեւ… կամ եթէ իրապէ`ս կ՛ուզէք վախցնել մէկը, կրնամ ձայն մը տեղադրել անոր գլխուն մէջ», կ՛ըսէ ան:

Սակայն Շուէյրի զգուշաւոր կերպով կը նշէ, թէ իր իրագործումը մեծ բան մը չէ:

Ուղեղը խտղեցնելու տարբեր միջոցներ գոյութիւն ունին, եւ այլ ռահվիրաներ յաջողած են ի գործ դնել նման միջոցներ:

Սակայն անոնց լուծումներէն ոչ մէկը նոյնքան պարզ է, կամ գէթ կարելի է առեւտրականացնել, որքան` Շուէյրիի յայտնագործած ձայները զտող համակարգչային ծրագիրը, որ հիմնուած է ուսողական հանրահաշիւներու վրայ (ալկորիթմ):

ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ

Սովորական բարձրախօսներու ձայնային տարբերութիւնները նոյնացնելով (երբ ձախ եւ աջ ականջները կը լսեն այնպիսի ձայներ, որոնք գոյութիւն չունին անմիջական շրջապատին մէջ), Շուէյրիի ձայնային զտիչները ունկնդիրը կը վերածեն «քաղցր կէտի» մը` երկու բարձրախօսներու միջեւ:

«Առայժմ միակ անձն եմ, որ կրնայ ձեւագծել ձայնային այս զտիչները, մինչեւ որ ուրիշի մըն ալ սորվցենեմ», կ՛ըսէ ան:

Ձայնային երեք տարաչափութեամբ տպաւորութիւնները ամէնէն աւելի շեշտուած են Փրինսթընի Ձայնային գիտաշխատանոցին արձագանգներէ զերծ սենեակին մէջ: Սակայն Շուէյրի կ՛ապացուցէ, թէ անիկա նաեւ կը գործէ անթել փոքր բարձրախօսի մը վրայ, որ կապուած է համակարգիչի մը:

«Երեք տարաչափութեամբ պատկերները ստեղծուած են 1895-ին: Մարդիկ այդ ատեն յայտնագործած էին անոնց գաղտնիքը: Սակայն յայտնապէս երեք տարաչափութեամբ ձայներ արտաբերելը շատ աւելի դժուար հարց մըն էր», կ՛ըսէ Շուէյրի. կիսախենթ շարժուձեւերով դասախօս մը, որ կ՛եռայ իր նոր յայտնագործութեան խանդավառութեամբ:

Փրինսթընի համալսարանը գնած է անոր արհեստագիտութիւնը առեւտրականացնելու իրաւունքը եւ վերջերս սկսած է գործակցիլ Բրիտանիոյ մէջ հաստատուած Քէյմպրիճ Մեքաթրոնիքս արհեստագիտական ընկերութեան հետ` ձեւագծելու համար երեք տարաչափութեամբ ձայնային սարքաւորում մը, որ պիտի ծառայէ երեք տարաչափութեամբ պատկերասփիւռներու ձեւագծումին:

Այս ընկերութիւնը կը յայտարարէ, թէ արդէն յաջողած է լուծել հարցը` ստեղծելով բազմաթիւ «քաղցր կէտեր» սենեակի մը մէջ, ուր ընտանիք մը պիտի մէկտեղուէր` պատկերասփիւռ դիտելու համար:

Հոլիվուտի շարժապատկերի արտադրութեան կեդրոնները արդէն հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն ծխամորճ ծխող այս գիտնականին աշխատանքին նկատմամբ, որուն մէջ դերակատար է նաեւ Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր կախարդ Տէյվիտ Պլէյնի հետ անոր անհաւանական բարեկամութիւնը, ինչպէս կը նշէ Շուէյրի:

ԵՐԵՔ ՏԱՐԱՉԱՓՈՒԹԵԱՆ ԿԱՊՈՒԱԾ

Լիբանան ծնած Շուէյրի նոր վերադարձած է Լոս Անճելըսի մէջ ձայնային իր զտիչները ցուցադրելէ տարբեր վայրերու մէջ, ինչպէս նաեւ` «Աւաթար» ժապաւէնին արտադրիչին եւ Քոլոմպիա ձայնագրութիւններու ընկերութեան տնօրէնին:

Յստակ է, թէ ժամանցի աշխարհը խանդավառութեամբ դիմաւորած է այս յատկանշական իրագործումը:

Սակայն Շուէյրի կը մատնանշէ, թէ իր ձեւագծած սարքը կրնայ նաեւ նպաստել լսողական գործիքներու արհեստագիտութեան յառաջդիմութեան, եւ թէ` գիտական առումով իր ձեւագծումը առաւելագոյնն է, որ ինք կատարած է, հետեւաբար այստեղ վերջ կը գտնէ իր նպաստը:

Շուէյրի արդէն կը վայելէ իր սեփական յայտնագործումին բարիքները. ան իր տան ձայնային սարքաւորումի համակարգը օժտած է երեք տարաչափութեամբ ձայնային հնչեղութեամբ:

Փրինսթընի Ձայներու գիտաշխատանոցին մէջ միշտ չէ, որ հաճելի է երեք տարաչափութեամբ ձայներ լսելը:

Շուէյրիի տան մէջ շրջապտոյտ մը, Պախէն մինչեւ Լետ Զեփըլին, նստած` «ձայնի քաղցր կէտի» մը մէջ, կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, թէ երաժշտութիւնը կատարողները կը գտնուին նոյնինքն անոր տան մէջ:

Շուէյրի նաեւ կը սիրէ հաւաքել իրական հազուագիւտ ձայնագրութիւններ: Ան նոյնիսկ ունի օրինակ մը 1954-ին կատարուած առաջին սթերիօ ձայնագրութենէն: Անոր երեք տարաչափութեամբ սարքաւորումը կարելի է օգտագործել` ունկնդրելու համար գոյութիւն ունեցող սթերիօ երաժշտութեան մեծ մասը, ինչպէս կը բացատրէ ան:

Ի տարբերութիւն երեք տարաչափութեամբ տեսողական ձեւագծումներուն` կարիքը չկայ մեր նախասիրած ձայնագրութիւնները վերածելու երեք տարաչափութեամբ արտադրութիւններու` զանոնք այս ձեւով վայելելու փորձառութիւնը ապրելու համար:

Արդեօք ասիկա իրականանման աշխարհի մը արշալո՞յսն է:

«Երեւակայեցէք, թէ ոչ միայն ճանճ մը կը թռչի ձեր գլխուն վերեւ, այլ նաեւ կը տեսնէ՛ք ճանճը, որ կը թռչի ձեր գլխուն վերեւ», կ՛ըսէ Շուէյրի:

«Իսկ յաջորդ հանգրուանը ձեւով մը պիտի ըլլայ ձեր քթին վրայ ճանճին թառելու զգացողութիւնը ապրիլը. պիտի յայտնագործուին յատուկ զգայարաններ, որոնք պիտի գրգռեն ձեր քիթը, հետեւաբար պիտի զգաք ճանճը», կ՛աւելցնէ ան:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES