«ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ԱՌԱՋԱՐԿԵՆՔ, ՈՐ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԱՌԱՋ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒԻ ՎԱՐՔԱԿԱՆՈՆ» Կ՛ԸՍԷ ԳԱԳԻԿ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Գագիկ Մինասեան

Հայ ազգային քոնկրեսին հետ երկխօսութեան համար համաձայնական կառավարութեան ձեւաւորած աշխատանքային խումբի անդամ Գագիկ Մինասեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին ներկայացուց երկխօսութեան օրակարգին վրայ իրենց ներկայացուցած հարցին էութիւնը:

Նշենք, որ նախանցեալ օր Հայ ազգային քոնկրեսի եւ իշխանութեան ներկայացուցիչներու երկրորդ հանդիպման իբրեւ արդիւնք համաձայնութիւն գոյացաւ երկխօսութեան օրակարգը ձեւաւորելու է երկխօսութեան մասնակից կողմերու ներկայացուցած մէկական հարցերէ. քոնկրեսը առաջարկած է քննարկել «Հայաստանի մէջ օրինական իշխանութեան շուտափոյթ ձեւաւորման նպատակով արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումը եւ անոնց ազատութեան, արդարութեան եւ օրինականութեան ապահովման անհրաժեշտ միջոցառումները»: Իշխանութիւնը ներկայացնող աշխատանքային խումբը առաջարկած է քննարկել «Ընտրութիւններու պատշաճ կայացման նպատակով քաղաքակիրթ մրցակցութիւնը ապահովող կանոններու ձեւաւորումը»:

Մինասեան յայտնեց, որ իրենք պիտի առաջարկեն, որ ընտրութիւններէն առաջ ձեւաւորուի վարքականոն մը, որուն իրենց համաձայնութիւնը պիտի տան ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւնները:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք վտանգ չե՞ն տեսներ, որ այդ վարքականոնը ստորագրած իշխանական կուսակցութիւնները հրաժարին իրենց խօսքէն, քանի որ վարքականոնը իրաւական փաստաթուղթ չէ, Մինասեան ընդգծեց հետեւեալը. «Դուք նոյն բանը կրնաք ըսել ընդդիմութեան կուսակցութիւններուն մասին: Ոեւէ մէկը այդ երաշխիքը չունի: Սակայն այն կուսակցութիւնը, որ պիտի դիմէ այդ քայլին, իսկոյն պիտի դառնայ մնացեալ բոլորին քննադատութեան թիրախը»:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ նաեւ իր ներկայացուցած Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը բազմիցս քննադատութեան ենթարկուած է ընտրութիւնները վատ կազմակերպելու, ընտրակեղծիքի համար եւ պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք ատիկա ազդա՞ծ է Հանրապետական կուսակցութեան վարկանիշին վրայ, Մինասեան յայտնեց, որ որեւէ առարկայական քննադատութիւն օգտակար է: Ըստ անոր, այդ քննադատութեան իբրեւ արդիւնք կարելի եղաւ ձեռք բերել նոր Ընտրական օրէնսգիրք մը: Ան աւելցուց, որ այդ քննադատութիւնը առիթ տուաւ ստեղծելու պատշաճ մակարդակի ընտրութիւններ կատարելու միջավայր մը:

 

Share this Article
CATEGORIES