ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԻ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄԸ ԿԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԻ
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտեզի առաջարկով յետաձգած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին Ճոն Հեֆըրնի թեկնածութեան հաստատումը:
Հայ դատի յանձնախումբը կը նշէ, որ ծերակուտականները Հեֆըրնի թեկնածութիւնը քննելու եւ անոր պատրաստ ըլլալուն մասին յստակ պատկերացում ունենալու համար տակաւին ժամանակի կը կարօտին:
Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան այդ առնչութեամբ կը յայտնէ. «Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք ծերակուտական Մենենտեզին եւ անոր գործընկերներուն` Հեֆըրնի թեկնածութիւնը յաւելեալ քննութեան ենթարկելնուն համար: Հայաստան միշտ խնդիր ունի դրացի Թուրքիոյ հետ, որովհետեւ վերջինս Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ ժխտողական քաղաքականութիւն կը վարէ»: