ՆՈՐԱՅՐ ԿԷՕԶԱԼԵԱՆ ՄԻԱՑԱՒ ԻՄՓՈՒԼՍԻ
Բանանց Երեւանի յառաջապահ Նորայր Կէօզալեան իր կազմը լքելով միացաւ Իմփուլսի` մէկուկէս տարուան պայմանագիր մը կնքելով անոր հետ:
2007-ին Բանանցի միացած Կէօզալեան վերջին շրջանին շատ յաճախ նկատի կ՛առնուէր իբրեւ պահեստի մարզիկ:
21 տարեկան Կէօզալեանի Իմփուլս փոխանցման մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ մարզիչ Արմէն Կիւլպուտաղեանց, որ նախապէս Բանանցի հետ գործակցած է:
CATEGORIES Մարզական

