ՌԱԶՄԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ՉԵԽԱԿԱՆ ՓԱՆԻՔ
Հայաստանի պատանիներու ֆութպոլի հաւաքականներու նախկին ֆութպոլիստ Ռազմիկ Յովհաննիսեան կը պատրաստուի մեկնիլ Չեխիա, ուր 2009-ին հինգ տարուան պայմանագիր մը ստորագրեց Մոսթ քաղաքի Փանիք խումբին հետ:
Յովհաննիսեան վերջին երկու տարեշրջաններուն փոխ տրուեցաւ Փիւնիկ 2-ի` նկատի ունենալով, որ զինուորական ծառայութեան պատճառով իրաւունք չունէր բացակայելու Հայաստանէն:
20 տարեկան յետսապահը ըսաւ, որ մինչեւ շաբաթավերջ պիտի մեկնի Մոսթ եւ իր ամէն կարելին պիտի ընէ իր դիրքը ապահովելու Փանիքի կազմին մէջ:
Նշենք, որ չեխական այս ակումբին մաս կը կազմէր Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականի յառաջապահ Գէորգ Պատալեան, որ նախորդ ամիս տեղափոխուեցաւ Օսթրաւա քաղաքի Փանիք խումբը:
CATEGORIES Մարզական