ՕԶՊԻԼԻՍԻ ԱՊԱԳԱՆ` ՄԻՇՏ ԱՆՈՐՈՇ
Հոլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ Այաքս Ամսթերտամի մաս կազմող հայազգի միջնապահ Արազ Օզպիլիս, Հոլանտայի երիտասարդներու հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Քոր Փոթի կողմէ հրաւիրուած է մաս կազմելու անոր խումբին:
Մարզիչը հրապարակած է իր ընդլայնուած կազմը, որուն մաս կը կազմեն 33 ֆութպոլիստներ: Անոնց կարգին է նաեւ Օզպիլիս:
Նշենք, որ Օզպիլիս Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմելու համար յատուկ հրաւէր մը ստացած էր:
Հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ներկայացուցիչը երէկ հանդիպում մը ունեցած է Օզպիլիսի հետ: Այլ մանրամասնութիւններ չեն տրուած այս ուղղութեամբ:
CATEGORIES Մարզական