ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԱՇԽԱՐՀԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԿՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ ԱՊԱՀՈՎԵՑԻՆ ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ԻՐԵՆՑ ՏՈՄՍԵՐԸ

Ասթանայի մէջ երէկ տեղի ունեցած աշխարհի կռփամարտի պատանիներու ախոյեանութեան մրցումներուն լոյսին տակ, մարզիկները ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսերը:

Կիսաւարտականի իրենց տոմսերը ապահովեցին Գոռ Ջեւելեկեան եւ Սերիոժա Յակոբեան, որոնք յաջորդաբար պարտութեան մատնեցին պուլկարացի Ալեքսանտր Քոսթովը եւ ազրպէյճանցի Թախիրով Մուհամետալին:

Նշենք, որ կիսաւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան այսօր, իսկ աւարտականի մրցումները` շաբաթ օր:

 

Share this Article
CATEGORIES