ՀԱԿԱՌԱԿ ԶԻՆՔ ԲՌՆԱՏԷՐ ՈՐԱԿԵԼՈՒՆ ՊԼԵԹԸՐ ՉՊԱՏԱՍԽԱՆԵՑ ՊԸՆ ՀԱՄՄԱՄԻ
ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սեփ Պլեթըր, հակառակ անոր որ բռնատէր որակուեցաւ ֆութպոլէն ցմահ կախակայուած Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Մոհամետ Պըն Համմամէն, սակայն մերժեց որեւէ յայտարարութիւն կատարել իր դէմ ուղղուած այդ ամբաստանութեան առնչութեամբ:
75 տարեկան զուիցերիացի Պլեթըր չպատասխանեց նաեւ գերմանացի Քարլ-Հայնց Ռումընիկէի, որ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսած էր, թէ ոչ ոք կը հաւատայ Պլեթըրի, երբ ան կ՛ըսէ, որ ֆութպոլը «պիտի մաքրէ» ամէն տեսակի անձնական հաշիւներէ եւ խաղերէ:
Նշենք, որ այժմ Պլեթըր կը գտնուի Ռիօ (Պրազիլ), ուր շաբաթ, 30 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ 2014-ի Մոնտիալին վիճակաձգութիւնը:

