ԱՐԹՈՒՐ ՍԱՐԳԻՍՈՎ 7 ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ ՊԻՏԻ ԺԱՄԱՆԷ ԵՐԵՒԱՆ
Ռուսական Շիննիք Եարոսլաւի յառաջապահ Արթուր Սարգիսով յառաջիկայ 7 օգոստոսին պիտի ժամանէ Երեւան` պատրաստուելու համար 10 օգոստոսին Քաունասի մէջ տեղի ունենալիք Լիթուանիա – Հայաստան ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին:
26 յուլիսին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրաւէր ուղղեց Սարգիսովի, որ բաւական յաջող տարեշրջան մը կը բոլորէ ռուսական ակումբին հետ:
Շիննիքի գրասենեակը նախ ըսաւ, որ այս հարցը ակումբին մարզիչն ու պատասխանատուները պիտի քննարկեն` նկատի ունենալով, որ 9 օգոստոսին անիկա իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Խիմքին:
Սակայն երէկ յստակ դարձաւ, որ Շիննիք չ՛ուզեր խոչընդոտել անոր նորամուտը Հայաստանի ազգային հաւաքական: Ան 7 օգոստոսին պիտի ժամանէ Հայաստան, իսկ 9 օգոստոսին իր նոր խմբակիցներուն հետ պիտի մեկնի Լիթուանիա:
Այս մրցումին մասնակցելու հրաւէր ստացած է նաեւ Քրասնոտարի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան:
Թէեւ Մովսիսեան պիտի մասնակցի այս մրցումին, սակայն կախակայուած ըլլալու պատճառով պիտի չկարենայ մասնակցիլ Անտորրայի դէմ (Եւրօ-2012) տեղի ունենալիք զտումի մրցումին: Ան պիտի պատրաստուի աւելի ուշ Սլովաքիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին:

