ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան աւանդութիւն դարձած Յունաստանի Խալքիտիքի ճամբարի աշխատանքները ընթացք առին:

Ծրագիրին նպատակն է աշխարհի չորս կողմերէն պատանիներ եւ պարմանուհիներ համախմբել, անոնց ներկայացնել ընկերային, առողջապահական, դաստիարակչական տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ ծանօթացնել ՀՕՄ-ի հսկայ աշխատանքը եւ գործունէութիւնը:

ՀՕՄ-ը կը քաջալերէ սփիւռքահայ պատանիներու միջեւ փոխադարձ ծանօթութիւններու հաստատումը եւ փորձառութիւններու փոխանակումը, եւ այս նպատակով ալ 1987-ին ծնունդ առած է ՀՕՄ-ի պատանիներու փոխանակման ծրագիրը:

Այսօր ճամբարին մասնակցող 150 պատանիներուն մաս կը կազմեն նաեւ 27 լիբանանահայ պատանի-պարմանուհիներ, որոնք ուրախ եւ հաճելի ժամեր կ՛անցընեն Յունաստանի Մակեդոնիա շրջանի Խալքիտիքի բանակավայրին մէջ: Անոնք շնորհակալութիւն կը յայտնեն ՀՕՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին, ուրախ են այս ճամբարի յայտագիրներով, նոր ծանօթութիւններ մշակած են, բայց կը կարօտնան իրենց ծնողները, բոլորին բարեւներ կը փոխանցեն:

Անոնք կը սորվին նորութիւններ եւ գիտելիքներ, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն օրուան խաղերուն, պտոյտներուն:

Անոնց կ՛ընկերակցի նաեւ Լիբանանէն օգնական մը, որ մօտէն կը հետեւի անոնց կարիքներուն:

Բարի վայելում մեր խումբին:

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES