ՏԵՍԱԿԷՏ. ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄՕՏ ԲԱՆԱԳՆԱ՞Ց, ԹԷ՞ ԹՐՔԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԲԵՐ ՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱՏՈՒ

Ծաղկաձորի մէջ հայագիտական նիւթերու համահայկական ողիմպիականի մասնակիցներուն առջեւ նախագահ Սարգսեանի  կատարած «Ղարաբաղը ազատագրեցինք, Արարատը ազատագրելը ձեզի կը ձգենք» յայտարարութիւնը զայրացուցած է թրքական իշխանութիւնները, որոնց ներկայացուցիչները իրերայաջորդ յայտարարութիւններով կարծես կարծրութեան մէջ զիրար գերազանցելու համար իրարու դէմ կը մրցին:

Այս առումով ուշադրութեան արժանի է Թուրքիոյ պետական նախարար եւ Եւրոպական Միութեան մօտ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշի հակազդեցութիւնը: Ան դիւանագիտական օրինաչափ կենցաղավարութիւնը մէկդի ձգելով` Հայաստանի նախագահին յայտարարութիւնը «իր ոտքին վրայ կրակ բանալ» եւ մինչեւ իսկ քաղաքական գործիչի մը անվայել կերպով` «իր չափը չգիտնալ» որակեց:

Այս անպատկառ նախարարը չվարանեցաւ Հայաստանի երիտասարդութիւնը նախագահ Սարգսեանի դէմ գրգռելու զաւեշտական փորձ կատարելով յայտնել, որ «կը յուսանք, որ իր երիտասարդութիւնը արժանի պատասխանը կու տայ այս բարբան`1ջանքին»: Աւելի՛ն. ան ինքնիրեն թրքահայութեան բանբերի պաշտօն շնորհելով յայտնեց, որ «Թուրքիոյ մեր հայ հայրենակիցները Սարգսեանին այս յայտարարութենէն մեծ անհանգստութիւն զգացին»: Պաղըշ չբաւարարուեցաւ թրքահայերու ինքնակոչ բանբերի այս պաշտօնով, այլ` թրքահայութեան պետական պատուէր մը փոխանցելով յայտարարեց. «Կը հաւատամ, որ անոնք ալ այս գրգռութեան դէմ դիրք պիտի բռնեն»: Այսպիսով թրքահայութիւնը ստիպուած է անհանգիստ զգալու եւ նախագահ Սարգսեանի յայտարարութեան դէմ կեցուածք արտայայտելու թրքական պետութեան հրամանին ենթարկուելու, այլապէս®

Հեգնական է, որ այս յայտարարութիւնները կատարողը Եւրոպական Միութեան մօտ Թուրքիոյ բանագնացն է: Այս բոլորին լոյսին տակ ինչո՞ւ զարմանալ, թէ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան համար Թուրքիոյ բանակցութիւնները ձախողութեան կը մատնուին:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES