«ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ ՀԱՐՑ Է» Կ՛ԸՍԷ ՀՐԱՆԴ ԲԱԳՐԱՏԵԱՆ
Հայաստանի նախկին վարչապետ, Հայ ազգային քոնկրեսի ընդդիմադիր միաւորման ներկայացուցիչ Հրանդ Բագրատեան ընդգծեց, որ արտակարգ ընտրութիւններու կայացումը «չափազանց սկզբունքային հարց է»: Բագրատեան նախանցեալ օր լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ ընտրութիւնները պէտք է արտակարգ ըլլան, նոյնիսկ եթէ անոնք պիտի նշանակուին հերթականէն ընդամէնը 24 ժամ առաջ: Ան յայտնեց, որ ժողովուրդը պէտք է իմանայ, թէ ընտրութիւնները գոնէ մէկ օրով արտակարգ եղան եւ այստեղ օրը նշանակութիւն չունի: Ըստ անոր, «արտակարգ» կը նշանակէ, որ հասարակութիւնը չհամակերպեցաւ նախորդ կեղծուած ընտրութիւններուն հետ: Հրանդ Բագրատեան նշեց, որ առնուազն երկու անգամ իշխանութիւնը ափսէի վրայ մատուցուած է իրենց, սակայն իրենք չեն ստանձնած այդ իշխանութիւնը: «Մէկը ընտրութիւններէն ետք` 19 փետրուարին, իսկ միւսը` այս տարուան մարտին»: Իսկ իրենք իշխանութիւնը չեն ստանձնած, քանի որ լրջագոյն արտաքին մարտահրաւէրներ կային, խիստ մտահոգիչ զարգացումներ կ՛արձանագրուէին, մասնաւորաբար ղարաբաղեան զարգացումները: Ըստ անոր, Հայ ազգային քոնկրեսը պատասխանատուութիւն ունի երկրին առջեւ, եւ ներկայիս ընթացող երկխօսութիւնը մեծապէս այդ պատասխանատուութեամբ պայմանաւորուած է: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչը կ՛երաշխաւորէ, որ արտակարգ ընտրութիւնները պիտի չկեղծուին, Բագրատեան նշեց, որ իշխանութեան հետ երկխօսութեան յաջորդ կարեւոր հարցը ազատ եւ արդար ընտրութիւններու կազմակերպման յստակ եւ համոզիչ երաշխիքներն են: Ըստ Բագրատեանի, ստեղծուած անկախ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը ընդամէնը այսօրուընէ Եւրոպայի առջեւ յառաջիկայ կեղծիքները որոշ ձեւով բացատրելու նպատակ ունի: Բայց ո՛վ չի գիտեր, որ ո՛չ մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, ո՛չ ալ Փաստաբաններու պալատը կամ միւսները անկախ են, եւ բոլորին համար ալ պարզ է, որ ընտրութիւններու հոլովոյթը կը վերահսկէ «քրէական տարրն ու խուժանը, այն ալ` ոստիկաններու աջակցութեամբ»: