ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԷՐՏՈՂԱՆ – ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ալիեւ կը դիմաւորէ Էրտողանը

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ պաշտօնական այցելութեամբ Ազրպէյճան գտնուող Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Էրտողանի եւ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած դէմ առ դէմ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային խնդիրները:

ԱԼԻԵՒ. «ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՄԻԱՅՆ ԿԸ ԹՈՒԻ,
ԹԷ ԼՈՒԾԱԾ ԵՆ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ»

«ՍալամՆիուզ» կը հաղորդէ, որ Էրտողանի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ  մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնած է, որ «Լեռնային Ղարաբաղը ազրպէյճանական հող է եւ ազրպէյճանական տարածք պիտի մնայ: Պիտի գայ ժամանակը, երբ Ազրպէյճան կա՛մ խաղաղ, կա՛մ ալ զինուորական ճանապարհով պիտի վերականգնէ Ղարաբաղի վրայ իր իշխանութիւնը»:

Անդրադառնալով նախագահ Սերժ Սարգսեանի օրեր առաջ Ծաղկաձորի մէջ հայագիտական նիւթերու համահայկական ողիմպիականի մասնակիցներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին կատարած յայտարարութեան` Ալիեւ ըսած է. «Սարգսեանէն այլ բան ալ չէի սպասեր: Անոր հետ շարք մը հանդիպումներ ունեցած եմ: Անոր մտածելակերպին լաւապէս ծանօթ եմ: Իրականութեան մէջ ատիկա կը ցուցադրէ Հայաստանի նախայարձակ էութիւնը»:

ԷՐՏՈՂԱՆ. «ՂԱՐԱԲԱՂԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՐԻՒՆԱԾՈՐ ՎԷՐՔՆ Է»

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Էրտողան իր կարգին յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղը Թուրքիոյ արիւնածոր վէրքն է: «Լեռնային Ղարաբաղը ինչպէս Ազրպէյճանի, այնպէս ալ Թուրքիոյ արիւնածոր վէրքն է», ըսած է ան:

Խօսելով Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դէմ մղուող պայքարին մասին` Թուրքիոյ վարչապետը յայտնած է, որ «ազգիս անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ սիրելի եղբօրս (Ալիեւին. «Ա.»)` մեր նահատակներուն նկատմամբ ցուցաբերած իր մօտեցումին եւ ՔԱԿ-ի հարցին մէջ ունեցած դիրքորոշումին համար: Մեր միացեալ պայքարը պէտք է ոչ միայն մէկ երկրի, այլ ամբողջ աշխարհի մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ ըլլայ: Զարգացումները ցոյց կու տան, որ այդ հարցին մէջ մենք ձեռք-ձեռքի պէտք է տանք: Եթէ Ազրպէյճան այդ հարցին մէջ խնդիրներ ունենայ, կը նշանակէ` ատիկա նաեւ մեր խնդիրը պիտի ըլլայ»:

«Սի. Էն. Էն. Թիւրք» իր կարգին կը հաղորդէ, որ Էրտողան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անգամ մը եւս անդրադարձած է նախագահ Սարգսեանի` Ծաղկաձորի մէջ կատարած յայտարարութեան եւ զայն որակած է իբրեւ «սադրանք»:

«Մեր արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ շատ կարծր յայտարարութեամբ: Նման արտայայտչաձեւը վայել չէ պետական գործիչին, երկրի նախագահին: Ապագայ սերունդներուն մօտ ատելութիւն սերմանելը վայել չէ պետական գործիչներուն: Սարգսեանի կատարածը սադրանք է® Կ՛ըսէ. «Ղարաբաղը մենք վերցուցինք, Աղրը Տաղը (Արարատը) ձեզի ձգեցինք»: Այդպիսի դիւանագիտութիւն չ՛ըլլար: Սարգսեանը այստեղ շատ լուրջ սխալ գործեց: Պէտք է ներում հայցէ եւ այդ սխալէն ետդարձ կատարէ», ըսած է Էրտողան:

ԷԿԵՄԵՆ ՊԱՂԸՇ ԵՒՍ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԸ

«Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պետական նախարար, Եւրոպական Միութեան հետ Թուրքիոյ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ եւս քննադատած է նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնը` յայտնելով, որ ատիկա իր իսկ ոտքերուն վրայ կրակ բանալ կը նշանակէ:

Պաղըշ ըսած է, թէ «կը տեսնենք, որ կան ղեկավարներ, որոնք այնքան կուրցած միտք ունին, որ իրենց երկարող հաշտութեան ձեռքը չեն տեսներ: Սարգսեան իր երիտասարդներուն ատելութիւն յանձնարարելով ուրիշ ոչինչ ըրած կ՛ըլլայ, եթէ ոչ զանոնք առաջնորդել դէպի խաւար: Ասիկա իր ոտքին վրայ կրակ բանալ կը նշանակէ, իր չափը չգիտնալ կը նշանակէ: Կը յուսանք, որ իր երիտասարդութիւնը արժանի պատասխանը կու տայ այս բարբանջանքին»:

Պաղըշ աւելցուցած է. «Ես գիտեմ, որ Թուրքիոյ մեր հայ հայրենակիցները Սարգսեանի այս յայտարարութենէն մեծ անհանգստութիւն զգացին: Կը հաւատամ, որ անոնք ալ այս գրգռութեան դէմ դիրք պիտի բռնեն: Սարգսեան պէտք է գիտնայ, որ եթէ այս սխալէն ետդարձ չկատարէ, ասիկա անպատասխան չի մնար: Թուրքիոյ բարեկամութիւնը ուժեղ է, եւ Թուրքիոյ բոլոր բարեկամները շահած են Թուրքիոյ բարեկամութենէն: Անոնք, որոնք ասոր հակառակը կը փնտռեն, որոնք Թուրքիոյ դէմ թշնամանք կը գործադրեն, միշտ տուժած են»:

ԻԳՏԻՐԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իգտիրի մէջ հասարակական կազմակերպութեան մը կողմէ ցոյց մը կազմակերպուած է` իբրեւ բողոք նախագահ Սարգսեանի յայտարարութեան դէմ: Ցոյցին մասնակցած են «Հայկական անհիմն պնդումներուն դէմ պայքարի միութեան» անդամները, Ախսքայի Թուրքերու զօրակցութեան միութեան անդամները, Էհլիպէյի իմաստուն մարդոց միութեան անդամները, որոնք Արարատի Պայազիտ մայրուղիին վրայ, Արարատի փէշերուն մօտ բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր «Ոճրագո՛րծ Սարգսեան»:

Բողոքի ցոյցին մասնակից կազմակերպութիւններուն անունով խօսք առած է «Հայկական անհիմն պնդումներուն դէմ պայքարի» միութեան նախագահ Կէօքսել Կիւլպէյ, որ յայտնած է, որ «կը ձայնենք Սարգսեանին, եթէ ուժը կը բաւէ, թող գայ ու Աղրըն (Արարատը) առնէ: Մենք հոս ենք»` աւելցնելով, որ նախագահ Սարգսեան այս ձեւով անգամ մը եւս մատնած եղաւ թուրքերուն դէմ իր թշնամութիւնն ու ատելութիւնը: «Թուրքիոյ դէմ թշնամութիւնը, որ հայկական լոպիին հասոյթի աղբիւրն է, դարձեալ հրապարակ քշուեցաւ Սարգսեանի բերնով»: Ըստ անոր, «Սարգսեան պէտք է թուրք ժողովուրդէն ներում հայցէ իր այս անարգական յայտարարութեան համար:

Այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ յայտնած են, որ իրենք հաշտութեան կողմնակից են, սակայն կարգ մը դրացիներ հաշտութեան արժէքը չեն գիտեր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES