«ԱԼԻԵՒԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՆՅԱՐԻՐ ԵՆ ԲՆԱԿԱՆ ՄԱՐԴՈՒՆ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Նախագահներ Քոմորովսքի եւ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ իր լեհ պաշտօնակիցին հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Քազանի մէջ յաջողութիւնը մօտ եղած է, սակայն թէ՛ հայկական կողմին, թէ՛ միջազգային հանրութեան ակնկալիքները այս հանդիպումէն չեն իրականացած:

Նախագահ Սարգսեան յայտարարեց, որ անհրաժեշտ է յարգել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի սեփական ճակատագիրը տնօրինելու, անվտանգութեան երաշխիքներ ունենալու եւ իր պատմական հայրենիքին մէջ զարգանալու օրինական իրաւունքը. բոլորը պարտաւոր են յարգել այդ իրաւունքը: Այլ լուծում գոյութիւն չունի:

Անդրադառնալով նախանցեալ օր Պաքուի մէջ Ալիեւի կատարած յայտարարութեան` նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ անոնք ոչ մէկ բնական մարդու վայել են, առաւել եւս` երկրի ղեկավարի:

Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նախագահական երեք ընտրութիւններ տեղի ունեցած են եւ բոլոր նախագահները ընտրուած են ժողովուրդին կողմէ: Ան նշեց, որ անոնցմէ ոչ մէկը իշխանութիւնը ժառանգութիւն ստացած է, եւ այդ պատճառով ալ Լեռնային Ղարաբաղի ընտրուած իշխանութիւնները, ի տարբերութիւն իրենց ատելութիւնը թաքցնելու անկարող դրացի երկրի իշխանութիւններուն, իրենք իրենց թոյլ չեն տար վիրաւորական յայտարարութիւններ կատարել:

 

Share this Article
CATEGORIES