ԱՅՍ ԱՆԳԱՄ` «ԾԱՅՐԱՅԵՂԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»Ն ՈՒ «ՉԱՓԱՒՈՐԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔ»Ը

Նախագահ Սարգսեանի Ծաղկաձորի մէջ հայագիտական նիւթերու Համահայկական ողիմպիականի մասնակիցներուն հետ հանդիպումին ընթացքին կատարած յայտարարութիւնը պիտի չվրիպէր անշուշտ Անգարայի վարիչներուն ուշադրութենէն: Այս պարագային սակայն, ոչ միայն չէ վրիպած, այլ խոշորացոյցի տակ առնուած է վարչապետ Էրտողանի կողմէ եւ աւելի՛ն. սուր քննադատութեան արժանանալով` յայտարարութիւնը առիթ ծառայեցուած է, որ Թուրքիոյ վարչապետը Երեւանէն պահանջէ ներում հայցել Թուրքիոյ:

Նախ բառացի մէջբերենք այն յայտարարութիւնը, որ Անգարա բարձրագոյն մակարդակով շահարկումի կ՛ենթարկէ այսօր.

Հարցում.- (…) Ինձ ուղղակի հետաքրքրում է` մեզ սպասում է ապագայ, որը յիշեցնելու է Պաթումի պայմանագի՞րը, որի ժամանակ մի գերմանացի դիւանագէտի վկայութեամբ` մեզ Սեւանում լողանալու տեղ թողեցին, սակայն չորանալու տեղ չթողեցին, թէ՞ ապագայ, որը մեզ կը վերադարձնի Արեւմտեան Հայաստանը` Արարատով հանդերձ:

Նախագահ Սարգսեան.- Այդ ամբողջը կախուած է քեզնից եւ քո սերնդից: Իմ սերունդը, կարծում եմ, իր առջեւ դրած պարտականութիւնը կատարեց, երբ 90-ական թուականների սկզբներին անհրաժեշտ էր մեր հայրենիքի հատուածներից մէկը` Ղարաբաղը պաշտպանել թշնամիներից, մենք կարողացանք դա անել: Եւ ես սա ասում եմ ոչ նրա համար, որ ոեւէ մէկին կշտամբեմ: Ուզում եմ ասել, որ իւրաքանչիւր սերունդ իր պարտականութիւնն ունի, եւ այդ պարտականութիւնը պէտք է կարողանայ կատարել ու` լաւ կատարել: Եթէ դու եւ քո հասակակիցները ջանք ու եռանդ չխնայէք, եթէ ձեզնից աւագներն ու ձեզնից կրտսերները ձեզ նման վարուեն` մենք ունենալու ենք աշխարհի լաւագոյն երկրներից մէկը: Հաւատայ, որ շատ դէպքերում հողի չափերով չէ երկրի կշիռը որոշւում. երկիրը պէտք է լինի ժամանակակից, երկիրը պէտք է լինի անվտանգ, լինի բարեկեցիկ, եւ սրանք այն պայմաններն են, որոնք հնարաւորութիւն են տալիս ցանկացած ժողովրդի նստել աշխարհի յայտնի, ուժեղ, ճանաչուած ժողովուրդների կողքին: Բոլորս մեր պարտքը պէտք է կատարենք, բոլորս պէտք է լինենք աշխուժ, պէտք է լինենք աշխատասէր, կարողանանք բարիք ստեղծել: Իսկ մենք դրան կարող ենք հասնել, շատ հանգիստ կարող ենք հասնել, եւ մէկ անգամ չէ, որ պատմութեան ընթացքում հասել ենք դրան: Ես դրանում չեմ կասկածում եւ ուզում եմ, որպէսզի դու էլ չկասկածես: Մենք մի ժողովուրդ ենք, որ, այո՛, փիւնիկի պէս միշտ յառնում ենք:

Ահաւասիկ ա՛յն յայտարարութիւնը, զոր վարչապետ Էրտողան նկատած է «պատմական սխալ» մը, որ պէտք է սրբագրուի նախագահ Սարգսեանի կողմէ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ չէր ուշացած հրապարակելու յայտարարութիւն մը, ուր «ծայր աստիճան անպատասխանատու գործելաոճ» կը վերագրուէր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, որ իր այս յայտարարութեամբ թշնամութիւն կը սերմանէր երիտասարդութեան մէջ:

Այս սիւնակներէն անհրաժեշտութիւն չկայ ո՛չ վարչապետ Էրտողանին եւ ո՛չ ալ իր արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան վրայ կանգ առնելու: Յայտնել պէտք է միայն, որ Ցեղասպանութիւն իրականացուցած եւ պատմական մեծագոյն սխալը գործած ու ցարդ ցեղասպանեալէն ներում չհայցած պետութեան մը ներկայացուցիչն է, որ  միեւնոյն ամբաստանութիւնները կը յղէ ո՛չ երիտասարդութեան մօտ ատելութիւն սերմանած եւ ո՛չ  ալ Թուրքիան գրաւելու կոչ ուղղած Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դէմքին:

Պարզ է շահարկումի շարժառիթը: Հայ-թուրք յարաբերութիւններու բնականոնացումը արգելակելու պատրուակներու  եւ նախապայմաններու պետական քաղաքականութեան համար անհրաժեշտ էր վերը յայտարարուածին նման մեկնաբանութիւն մը: Չմոռնանք, որ վարչապետ Էրտողանը յայտարարութիւնը կը կատարէր Պաքուէն` վերապայմանաւորելով Հայաստանի ապաշրջափակումը:

Իրադրութիւններու հետաքրքրական յաջորդականութիւն մը այստեղ մտածելու տեղի կու տայ: Վարչապետ Էրտողանի յոխորտանքին կը նախորդէին նախարար Տաւութօղլուի դէպի հայկական սփիւռք փաղաքշական դիւանագիտութեան դրսեւորումները: Հայկական սփիւռքը նաեւ Թուրքիոյ սփիւռքն է, պիտի ըսէր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը` նկատի ունենալով բռնատեղահանուածներուն Թուրքիոյ քաղաքացի եղած ըլլալու հանգամանքը: Շարունակելով մարտավարական այս խաղը` Տաւութօղլուն Ցեղասպանութեան ժառանգորդները կը հրաւիրէր Թուրքիա` գնելու կալուածներ եւ ունենալու սեփականութիւններ, անգամ մը եւս վերընդգծելով հայկական սփիւռքին հետ երկխօսելու պաշտօնական Անգարայի պատրաստակամութիւնը:

Թրքական խաղի կանոնները ի զօրու կը մնան:  Թուրքիան փորձած է դերերը փոխել. այս անգամ չափաւորական սփիւռքն է, որուն հետ երկխօսութիւն յառաջացնելու փորձ կը կատարուի եւ ծայրայեղական Հայաստանն է, որմէ ներում հայցել կը պահանջուի եւ որուն բռնագրաւումի կոչ ուղղած ըլլալու ամբաստանութիւնը կ՛ուղղուի: Սպառած խաղի կանոններ են այս բոլորը: Այո՛. պատմական սխալ գործող կայ. ներում հայցելու պարտաւորութեան տակ գտնուող կայ. տակաւի՛ն, բռնագրաւուած եկեղեցիները, կալուածներն ու հողերը վերադարձնելու անհրաժեշտութիւնը կայ:  Այս յայտարարութիւնը տրամաբանական ու արդար կը հնչէր, եթէ Հայաստանի նախագահին կողմէ ուղղուած ըլլար Թուրքիոյ վարչապետին:

Share this Article
CATEGORIES