ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Իրաքի փոխնախագահ Ատել Ապտել Մեհտին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի անդամ երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ Լիբանանի ազգային երկխօսութիւնը պէտք է սահմանափակել Հըզպալլայի ապազինման կէտը քննարկելով: Այս ծիրին մէջ ան նկատել տուաւ, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը մօտիկ ապագային պիտի մշակեն նոր ռազմավարութիւն մը` վերատիրանալու համար խորհրդարանական մեծամասնութեան:
ԻՏԱԼԱԿԱՆ դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Իտալիա հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իտալական զօրամասին թիւը որոշած է 700 զինուորով նուազեցնել տնտեսական իմաստով:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին կը հաստատէ, որ եթէ Լիբանանի կառավարութիւնը Հըզպալլայի կառավարութիւն ըլլար, ապա ան միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան յանձնառու չէր ըլլար:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթա մերժեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը թիրախ դարձուցած պայթումին յանցանքով տարբեր խմբաւորումներու դէմ ուղղուած բոլոր ամբաստանութիւնները. ան նկատել տուաւ, որ այդ պայթումը կրնան գործած ըլլալ անհատներ:
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթին համաձայն, Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկացի պատուիրակ Ֆրետերիք Հոֆ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի ժամանէ Պէյրութ` քննարկելու համար Լիբանանի ծովային սահմաններուն եւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղին վերաբերող հարցեր:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դէմ պայթումը սուրիական պատգամ մըն է` ուղղուած Ֆրանսայի դէմ: Զահրա յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա իր խօսքին մէջ արտօնեց լիբանանեան պետութեան` կատարելու Լիբանանի ծովային սահմանագծումը, միւս կողմէ, սակայն, ան ջնջեց լիբանանեան պետութեան ապահովական դերակատարութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը ձերբակալած է 25 կասկածելիներ, որոնց հարցաքննութեան կ՛ենթարկէ` ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դէմ գործուած պայթումին վերաբերեալ:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրի նկատել տուաւ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` լիբանանեան ազգային երկխօսութեան յարմար ծրագիր մը մշակելու գծով:
ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ սակերը յաւելում արձանագրած են: Պենզինի թիթեղին սակը սղած է 600 լ. ոսկիով, իսկ մազութի թիթեղին սակը սղած է 500 լ. ոսկիով:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Փաղանգաւոր կուսակցութեան աղբիւրներէն, նշեց, որ Ամին Ժեմայէլ կը մերժէ երկխօսութիւնը, եթէ անիկա պիտի ծառայեցուի լիբանանեան պետութեան դէմ գործուած յեղաշրջումը օրինականացնելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆարիտ Հապիպի թիկնապահներէն մէկուն բնակարանը ենթարկուեցաւ կրակոցի:
ՄԱԿ-Ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն խիստ մտահոգութիւն յայտնեց Սայտայի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը թիրախ դարձուցած գործողութեան առնչութեամբ:
ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին յայտնեցին, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը պայթումի թիրախ դարձնելը ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ անոնց առաքելութեան ժամկէտը երկարաձգելու որոշումին վրայ: