ՔԱՐԱՄԷ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որ Քարամէի յանձնեց շնորհաւորագիր մը` անոր իրանցի պաշտօնակիցէն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի Լիբանան տուած այցելութեան ընթացքին ստորագրուած համաձայնագիրները եւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան մարզին պարագային երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Քարամէի այցելեց նաեւ երեսփոխան Նաուուար Սահիլի: Քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող աշխատանքներն ու հարցերը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ հաւասարակշռուած բարգաւաճում իրագործելու անհրաժեշտութիւնը:
Ֆայսալ Քարամէ ընդունեց նաեւ նախկին երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան