ՖԱՅԵԶ ՂՈՍԸՆ. «ԲԱՆԱԿԻՆ ԵՒ ՖԻՆԻՒԼ-ԻՆ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՄՈՒՐ ԵՆ ՈՒ ՀԱՍՏԱՏ»

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը, երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դէմ գործուած պայթումին մանրամասնութիւնները:

Ղոսըն խստիւ դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ֆրանսական ջոկատը թիրախ դարձուցած պայթումը` ընդգծելով, որ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ին միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը կը մնան ամուր եւ հաստատ հիմերու վրայ:

«Այդ յարաբերութիւնները կարելի չէ խախտել նման ահաբեկչական արարքներով», ըսաւ Ղոսըն:

Պաշտպանութեան նախարարը ընդգծեց, որ պէտք է շարունակել այդ պայթումին մասին բացուած հետաքննութիւնը եւ պատժել յանցագործները` անոնց գործած յանցագործութեան համար:

«Լիբանան, որ յանձնառու կը մնայ պահպանելու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ապահովութիւնը, պիտի չարտօնէ, որ հարաւի կայունութիւնը խախտել փորձող կողմեր խախտեն նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ապահովական կայունութիւնը», շեշտեց ան:

Ղոսըն դրուատեց Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ գործակցութիւնը` շեշտելով այդ գործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:

Փիեթոն իր կարգին ընդգծեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կայունութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

Նշենք, որ Ֆայեզ Ղոսընի այցելեց նաեւ պետական նախարար Ալի Քանսօ: Քննարկուեցան լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES