ՖԱՅԵԶ ՔԱՐԱՄԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՅԵՏԱՁԳՈՒԵՑԱՒ

Զինուորական ատեանը երէկ չորրորդ անգամն ըլլալով յետաձգեց հանգստեան կոչուած զօրավար, Ազգային ազատ հոսանքի պատասխանատուներէն եւ Իսրայէլի հետ գործակցելու յանցանքով ձերբակալուած զօր. Ֆայեզ Քարամի դատավարութիւնը:

Քարամի պաշտպան փաստաբան Ռաշատ Սալամէ յայտնեց, որ զինուորական ատեանին կողմէ դատավարութեան յետաձգումը` յառաջիկայ 30 օգոստոսին, օրէնքի եւ կանոնի դէմ է:

Սալամէ շեշտեց, որ ինք արդարացուցիչ եւ ընդունելի բացատրութիւն մը չի գտներ դատավարութիւնը յետաձգելու առնչութեամբ: Ան նկատել տուաւ, որ բժիշկները իրենց տեղեկագիրներով եւ իբրեւ վկաներ ներկայ գտնուած են դատավարութեան, «հետեւաբար` դատական ատեանը ոչ մէկ հիմք կամ պատճառ ունի Քարամի դատավարութիւնը յետաձգելու», հաստատեց Սալամէ:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ արդարութեան վճիռը կարելի չէ ուշացնել: Ան հաստատեց, որ այսօր Լիբանանի մէջ դատական իշխանութիւնները, նոյնիսկ զինուորական ատեանը կասկածելի կացութեան մէջ կը գտնուին: «Կարելի չէ արդարութեան վճիռը յետաձգել», ըսաւ ան:

Իր կարգին, համախմբումի անդամ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա ընդգծեց, որ օրէնքն ու դատական իշխանութիւնները ձախողած են ու տապալած: «Տակաւին չենք ուզեր ըսել, որ կառավարութիւնը ձախողեցաւ այս դատավարութեան յետաձգումով», ըսաւ Նիքոլա եւ հարց տուաւ, որ արդեօք Քարամի թղթածրարը վերածուած է սակարկութեա՞ն` կառավարութեան եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին միջեւ:

Նիքոլա հարց տուաւ, որ արդեօք Քարամի թղթածրարը սակարկութեա՞ն կ՛ենթարկուի` ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆին, տեղեկահաւաքի բաժանմունքի տնօրէն Ուիսամ Հասանը եւ ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզան պահելու իրենց պաշտօններուն վրայ:

«Այս թղթածրարը այսօր կը գտնուի արդարութեան նախարարին եւ հանրապետութեան նախագահին առջեւ», շեշտեց Նիքոլա:

Share this Article
CATEGORIES