ՊԸՐՐԻ ՔՈՆԵԼԼԻԻ ԵՒ ԺԵՄԱՅԷԼԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԸՆԹԱՑԻԿ ՀԱՐՑԵՐ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղի եւ կազի հանքերուն թղթածրարը:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտան:
CATEGORIES Լիբանանեան


