ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՓԻԵԹՈՆԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն ներկայութեան վերահաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու է հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ապահովութեան:
Նախագահ Սլէյման բարձր գնահատեց խաղաղապահ այդ ուժերուն առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի խաղաղութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու իմաստով անոնց ի գործ դրած ջանքերը:
Նախագահ Սլէյման Փիեթոնի հետ քննարկեց նաեւ Սայտայի մէջ անարգ պայթումի մը թիրախ դարձած ֆրանսացի վիրաւոր զինուորներուն առողջական վիճակը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանի դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյ: Քննարկուեցան Լիբանանի մէջ ելեւմտական կայունութիւնը պահպանելու հեռանկարները:
Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

