ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Նախագահ Սլէյման եւ երեսփոխան Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի: Կէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան երկրի ընդհանուր կացութիւնը, կառավարութեան աշխատանքները, երկխօսութեան խնդիրն ու վարչական նշանակումներու հարցը:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը տեւաբար հաւատացած է երկխօսութեան անհրաժեշտութեան եւ զայն կը նկատէ երկրին մէջ տիրող խնդիրներուն լուծման առաջնորդող լաւագոյն միջոցը: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ տեղական եւ շրջանային կացութեան դիմաց, երկրին քաղաքական բոլոր կողմերը բարձրանան հաւաքական շահերու հետապնդման գիտակցութեան, հեռանան քաղաքական կարծր բառամթերքէն եւ դիմեն երկխօսութեան:

Ինչ կը վերաբերի նշանակումներու թղթածրարին, Բագրատունի պահանջեց յարգել Լիբանանի հայ համայնքի իրաւունքները թէ՛ առաջին կարգի նշանակումներու եւ թէ՛ տարբեր հաստատութեանց վարչական խորհուրդներու նախագահներու կամ անդամներու նշանակման պարագային` դիտել տալով, որ երբ նշանակումները կը կատարուին համայնքային հիմունքով, Լիբանանի հայութիւնը ունի ատակ անձնաւորութիւններ, որոնք կրնան ստանձնել պատասխանատու պաշտօններ:

Share this Article
CATEGORIES