ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ
ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը ոգեւորութեամբ հետեւեցաւ Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի աշխարհի 8-րդ խմբային ախոյեանութեան մրցումներուն եւ ուրախութեամբ ականատես եղաւ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականին ախոյեանութեան տիրանալուն:
Աշխարհի նշանաւոր երկիրներուն ճատրակի խաղացողներուն դէմ հայրենի վարպետներուն արձանագրած նուաճումը հպարտութեամբ դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ ընտանիքին կողմէ: 25 երկիրներու մէջ տարածուած իր 102 մասնաճիւղերով ՀՄԸՄ-ական անդամները, սկաուտներն ու մարզիկները մեծ ուրախութեամբ կը շնորհաւորեն Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը: Թող նորանոր նուաճումներ ու յաջողութիւններ միշտ արձանագրուին հայոց պատմութեան մէջ:
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
CATEGORIES Գաղութային