ԼՍԵՑԻ՞Ք, ԱՐՏԱԳԱՂԹԻ ՄԱԿԱՐԴԱԿԸ ԿԸ ՄՏԱՀՈԳԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՄ ՋԱՅԼԱՄԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԵՐՃԱՆՔԸ

«Հայաստանի կառավարութիւնը մտահոգուած է բնակչութեան արտագաղթի մակարդակով եւ քայլեր է ձեռնարկում այն կրճատելու ուղղութեամբ»:

Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Տիգրան  Սարգսեանը փետրուարի 25-ին Հայաստանի պատկերասփիւռի ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն տուած իր հարցազրոյցին մէջ:

«Ի հարկէ, գաղթի ծառայութունից ստացուած թուերը մեզ մտահոգում են: Այդ պատճառով մենք հաստատել ենք յատուկ ծրագրեր` ուղղուած արտագաղթի մակարդակի նուազմանը եւ բարենպաստ պայմանների ստեղծմանը այն հայրենակիցների  համար, ովքեր ցանկութիւն կը յայտնեն վերադառնալ հայրենիք», ըսած է վարչապետը:

Անկեղծ ըսած` վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի  այսքան հանգիստ վերաբերմունքն ու սառնասրտութիւնը ուղղակի զիս կը շշմեցնեն:

Նոյնիսկ շուէտացին նախանձով պիտի զմայլէր մեր վարչապետի այս պահուածքին վրայ:

Պաշտօնական տուալներու համաձայն, Հայաստանէն հեռացածներուն թիւը, սկսած 1992 թուականէն  մինչեւ յուլիս 2010, կը կազմէ 1-1,1 միլիոն մարդ:

Գաղթի պետական ծառայութեան տուեալներով,  գաղթածներուն 65 տոկոսը որպէս հիմնական բնակութեան վայր ընտրած է Ռուսիան, երկրորդ կարգի վրայ կու գան Միացեալ Նահանգները, իսկ երրորդ` Ուքրանիան:

Հայաստանէն հեռացող տղամարդոց թիւը գրեթէ երկու անգամ աւելի է, քան` կիներուն թիւը: Մեկնողներու հիմնական մասը աշխատունակ տարիք ունին այսինքն  30-50 տարեկան մարդոց մասին է խօսքը:

Մէկ միլիոն հայեր լքած են իրենց հայրենիքը …

Թէ այս ահաւոր հսկայական թիւ ներկայացնող զանգուածին քանի՞ տոկոսը կը վերադառնայ հայրենիք, ցոյց կու տայ ապագան:

Պահ մը կը փորձեմ սառնասրտութեամբ մօտենալ այս ահաւոր թուանշանին. Կը նկատեմ, որ լրատուութիւնը կ՛ըսէ 1.1 մլն մարդ… կրճատումով:

1.1 մլն մեկնողներ. եկէք` բանանք թիւը. մէկ միլիոն հարիւր հազար մարդ. 1.100.000 հայեր. մեկնողնե՞ր. ինչի՞ մասին է խօսքը. այս մարդիկ զբօսաշրջութեան չեն մեկնած, չէ՞. այնտեղ նաեւ կ՛օգտագործուի միգրանտ բառը:

Եւ ի՞նչ է հայրենի կառավարութեան հակազդեցութիւնը` «Արտագաղթի մակարդակը մտահոգում է Հայաստանի կառավարութեանը»:

Սակայն այսօր սատանան կ՛ուզէ զիս փորձութեան մատնել. աւելի՛ն, չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ պատրաստ եմ փորձութեան ենթարկուելու: Միտքս կ՛աշխատի միայն մէկ ուղղութեամբ` թիւերու զուգորդութիւն:

Մէկ միլիոն թիւը  հայ մարդուն համար յատուկ նշանակութիւն ունի, միլիոն թիւը մեքենաբար իմ եւ իմ ազգակիցներուս մէջ կ՛արթնցնէ ուրիշ մէկ բան. բոլորս մեքենաբար կը յիշենք Հայոց ցեղասպանութիւն, 1.5 միլիոն հայեր առյաւէտ լքեցին իրենց դարաւոր հայրենիքը:

Հարիւր տարուան ընթացքին մենք վճարեր ենք երկու հսկայական մարդկային տուրք. առաջինը` Ցեղասպանութեան ընթացքին, երկրորդը` այս վերջին տասնամեակին:

Իւրաքանչիւր անգամ` տարածաշրջանէն շուրջ մէկ միլիոն հայերու վերացումով: Տրամաբանութիւնս կը յուշէ, որ մենք ալ մեր կարգին նաեւ աշխուժօրէն կը նպաստենք 19-րդ դարէն գործի դրուած մեծ եւ շրջանային տէրութիւններու «Հայաստան առանց հայերու» քաղաքականութեան:

Ինչո՞ւ կը հեռանան մարդիկ իրենց հայրենիքէն հարցումին պատասխանի փնտռտուքը ո՛չ միայն ուշացած է, այլեւ դարձած է անիմաստ, իսկ այդ հարցով վարչապետին մտահոգուիլը միայն ծիծաղելի է:

Հրամայականները յստակ են. եթէ Հայաստանի այսօրուան ղեկավարութիւնը իսկապէս մտահոգուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեանց ճակատագիրով եւ մտադիր է կարելիութեան սահմաններուն մէջ առաւելագոյն չափով  պահպանել մեր  պետականութեան արտաքին քաղաքականութեան ինքնուրոյնութիւնը , ապա ան պարտաւոր է սեփական ժողովուրդին առջեւ առաջին հերթին ճանչնալ եւ ամենակարճ ժամկէտին սրբագրել, դադրեցնել տարիներէ ի վեր ներքին քաղաքական  կեանքին  մէջ տիրող սանձարձակութիւնները: Երկրորդ` վերանայիլ հայրենիքի մէջ իրականացուող ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւնը, երրորդ` հարթեցնել հասարակութեան մէջ անհանդուրժելի աստիճանի հասած ընկերային անհաւասարութիւնը` ընկերային հաւասարութեան նոր սկզբունքներու ներդրումով:

Չորրորդ եւ ամէնէն կարեւորը` վերականգնել հասարակութեան մեծամասնութեան մօտ  կենսագործունէութեան ընդունակութիւնը, աշխատանքի նոր տեղերու ստեղծումը:

Այնքան ատեն որ չի մաքրուիր նեպոթիզմով յագեցուած ներքին մթնոլորտը, երբեք  հնարաւոր  պիտի չըլլայ իրականացնել հայանպաստ արտաքին քաղաքականութիւն, առաւել եւս` ներկայ համաշխարհային պայմաններուն մէջ պաշտպանել մեր ազգային հիմնահարցերը: Այս մասին արդէն անցեալ շաբաթ ահազանգեց Վահան Յովհաննիսեանը Եւրոնեսթի աշխատանքներու մեկնարկման առիթով:

Միջազգային յարաբերութիւններու եւ դիւանագիտութեան պատմութիւնը արձանագրած է, որ միշտ կը պարտուին այն պետութիւններն ու ժողովուրդները, որոնք արտաքին քաղաքական կամ ազգային խնդիրները կը դարձնեն ներքաղաքական շահարկման առարկայ:

Երբ ականջ կը դնես քաղաքական իրադարձութիւններուն` լսելու համար, թէ ո՛ւր կ՛երթայ մեր հայրենիքը, արձագանգը կը յուշէ միայն մէկ բան.

գործող նախագահն ու անոր շրջանակները յստակօրէն կատարած են իրենց ընտրութիւնը`

Ա) Իշխանութեան պահպանումը եւ անոր  ժառանգականութեան ապահովումը գերխնդիր է իրենց համար:

Բ) Քաղաքական, ելեւմտական տնտեսական եւ այլ շահերը վեր դասել համազգային նպատակներէ.

Գ) Ամբողջատիրութեան պահպանման համար հետեւողականօրէն ոտնահարել ժողովրդավարութեան տարրական եզրերը:

Եկէք` համաձայնինք,  որ այս երեւոյթը կործանարար է այսօր ամբողջ հայութեան համար. փաստօրէն քոալիսիոնի նոր եւ վերջին  յայտարարութիւնները կը գուժեն ժողովրդավարութեան մահը Հայաստանի մէջ:

Կ՛ուզեմ լաւատես ըլլալ, սակայն անհիմն լաւատեսութիւնը ջայլամի մտայնութիւն է:

Միամտութիւն է կարծել, թէ հայկական գործօնի շահարկումը մօտիկ ապագային պիտի կարենանք յաղթահարել:

Այդ շահարկումը տեղի պիտի ունենայ ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրով զիջումներ կորզելու տողատակով, այլ` շատ աւելիով: Մեր իշխանութիւններէն կը պահանջուին եւ պիտի  պահանջուին  բազմաթիւ մեծ ու փոքր ծառայութիւններ, որոնց  ծանր հետեւանքները բնականաբար կրելու է հայ մարդը, քաղաքացին,  հայը եւ, վերջին հաշուով, ողջ հայութիւնը ընդհանրապէս:

Այսօր ամբողջ աշխարհը շունչը բռնած` կը հետեւի, որ ինչպիսի վճռակամութեամբ Միջին Արեւելքի ամբողջ տարածքին շարքային քաղաքացին փողոց կ՛իջնէ իր տարրական իրաւունքները պաշտպանելու համար. իսկապէս անհասկնալի եւ անըմբռնելի է, որ մեր հայրենակիցները իրենց առօրեան յուզող հարցերու լուծումը  կը տեսնեն երկրէն  վերջնականապէս մեկնելու արմատական քայլին մէջ:

Եկէք` պահ մը ձերբազատինք  զգացմունքային աւելորդութիւններէ եւ յաղթանակի առասպելաբանութիւններէն եւ պիտի տեսնենք, որ բոլորիս առջեւ արեւի պէս կը փայլի պարզ ճշմարտութիւնը: Սպառած են արդարացման բոլոր փորձերը` յատկապէս սփիւռքահայութեան կողմէ այս էական եւ սկզբունքային բարոյական հարցին` ոտնձգութիւնները չտեսնելու, մատներու արանքէն նայելու արդարացումները:

Արդէն վճարած ենք շատ բարձր գին` 1.1 միլիոն հայերու հեռացումով. սխալ բան մը կայ… կանգնած ենք հոգեւոր եւ բարոյական անկման շեմին, կասկած չկայ:

Աչքերը փակելով հարցերը լուծելու պերճանքը եւ շռայլութիւնը այլեւս չունինք:

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

Սթոքհոլմ

E mail:  [email protected]

 

Share this Article
CATEGORIES