ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան ծնունդը կրնայ յայտարարուիլ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին:
ՖԱՅՍԱԼ Քարամէ վարչապետ Միքաթիի հետ իր հանդիպումը նկատեց դրական` նշելով, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նոր կառավարութեան իր մաս կազմելուն մանրամասնութիւնները:
ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն նախատեսեց, որ կառավարութեան ծնունդը յայտարարուի` նկատի ունենալով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտները իրենց վերջնական լուծումին յանգած են:
«Օ. ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, պատրիարքի ընտրութեան մասնակցող մարոնի եպիսկոպոսներէն մէկը արդէն իսկ ճամբորդութեան իր տոմսը ապահոված է յառաջիկայ չորեքշաբթի օրուան համար:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխաններէն Անթուան Զահրա յայտնեց, որ շրջանային եւ միջազգային պայմանները չեն արտօներ, որ հակառակորդ քաղաքական ուժերը շարունակեն իրենց յեղաշրջումը. ան աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ անկարելի է Հըզպալլայի զէնքը ընդունիլ:
ԸՍՏ «Սաֆիր» օրաթերթին, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Ժեզզինի եւ Քֆարհունայի մէջ բացայայտած է Իսրայէլի օգտին լրտեսութիւն կատարող լիբանանցիներու նոր ցանց մը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն հրապարակած քաղաքական նոր փաստաթուղթը համազօր է 17 մայիսի համաձայնագիրին:
ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ գրագէտ Կարեթ Փորթըր շեշտեց, որ ինք համոզուած է, թէ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան պատասխանատուներն են իսրայէլեան Մոսատն ու Լոնտոնի գաղտնի սպասարկութիւնը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ շեշտեց, որ Մայրիներու Բ. յեղափոխութեան նպատակն է լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը տարածել ամբողջ Լիբանանի վրայ:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթ. «Մօտիկ ապագային կարեւոր իրադարձութիւններ պիտի դրսեւորուին կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ»:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագիծը փոխող ամէնէն վտանգաւոր զէնքը դրամն է:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Սելիմ Սայէղ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը սովորական ընդդիմութենէ մը աւելին պիտի ըլլան, սակայն զինուած Դիմադրութենէ մը շատ աւելի պակաս:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ամէնէն աւելի կը զղջան Նեպիհ Պըրրին օրէնսդիր իշխանութեան նախագահ վերընտրելնուն համար:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը երէկ ձերբակալեցին 42 անձեր, որոնք գործած էին զանազան ոճիրներ, որոնց շարքին են սպանութիւնը, թմրեցուցիչի մաքսանենգումը եւ գործածութիւնը, պոռնկութիւնը եւ գողութիւնը:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Հըզպալլայի զէնքը դարձած է Իրանի յեղափոխական պահակագունդի զէնքը:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի աղբիւրներէն, յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը գործնական պատասխանը պիտի ըլլայ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ կիրակի օր կատարուելիք յայտարարութիւններուն:
ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Պինա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը գործադրեն քաղաքական այնպիսի օրակարգ մը, որ մշակուած է եւ պարտադրուած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանի կողմէ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիպիոյ ղեկավար Մոամմար Քազզաֆի սպաննած է իմամ Մուսա Սատըրն ու անոր ընկերակիցները եւ զանոնք թաղել տուած է Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ գտնուող ժողովրդային հսկայ գերեզմանատան մը մէջ:
«ԼԻՈՒԱ». «Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա յառաջիկայ 10-էն 15 օրուան ընթացքին պիտի արտասանէ խօսք մը` Լիբանանի կառավարութիւնը կազմուած ըլլայ թէ ոչ»:
ՀՈԳԵՒՈՐ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ մարոնի նոր պատրիարքին ընտրութիւնը կարելի պիտի ըլլայ մօտիկ ապագային:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ֆրենսիս Կայը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանն ու շրջանը յուզող իրադարձութիւնները: