ՇԱՄԻ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՃԱՓՈՆՑԻ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԻՑԻՆ

Հրաժարեալ կառավարութեան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ալի Շամի հեռագիր մը յղեց ճափոնցի իր պաշտօնակիցին` ցաւակցութիւն յայտնելով Ճափոնը հարուածած ծովաշարժի զոհերուն համար:

Միւս կողմէ, Շամի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Թոքիոյի մէջ Լիբանանի դեսպան Մոհամետ Հարաքէի հետ` անկէ տեղեակ պահուելու համար Ճափոնի մէջ հաստատուած լիբանանցիներուն կացութեան մասին:

Հարաքէ հաստատեց, որ ինք եւս կը փորձէ կապ հաստատել Ճափոնի մէջ գտնուող 60 լիբանանցիներուն հետ, սակայն տակաւին ոչ ոքի հետ յաջողած է կապուիլ` նկատի ունենալով հաղորդակցութեան միջոցներու խանգարումը:

 

Share this Article
CATEGORIES