ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ ԹՆՃՈՒԿՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ ՉԻ ԳՏՆՈՒԻՐ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ երէկ «Ախպար եաում» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Ծոցի երկիրներու գործակցութեան խորհուրդին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը առաւելագոյն չափով դրական է եւ կը դրսեւորէ լիբանանեան իրավիճակին նկատմամբ իր ամբողջական հասկացողութիւնը` աւելցնելով, որ վարչապետ Միքաթի արաբական հեղինակութիւններուն հետ շարք մը հաղորդակցութիւններ կը կատարէ այս իմաստով:

Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ Ծոցի երկիրներու խորհուրդին այս հաղորդագրութիւնը դրուատած է վարչապետ Միքաթիի կեցուածքները` վերջ տալով այն բոլոր յայտարարութիւններուն, թէ Միքաթի արաբական զօրակցութիւն չի վայելեր:

Միքաթիի մօտիկ աղբիւրները շեշտեցին այս հաղորդագրութեան հրապարակման վայրին եւ ժամանակին կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա հրապարակուած է Ռիատի մէջ եւ 14 մարտէն միայն երեք օր առաջ:

Այս աղբիւրները շեշտեցին, որ այդ հաղորդագրութիւնն ու անոր ունեցած եւ ունենալիք դրական անդրադարձները պիտի նպաստեն յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին վերջնականացնելու կառավարութեան կազմի մը յստակացումը:

Աղբիւրներուն համաձայն, լիբանանեան քաղաքական իշխանամէտ շրջանակներուն մէջ արդէն իսկ համոզում գոյացած է, թէ կառավարութեան ծնունդը մօտալուտ է:

Անոնք մերժեցին խօսիլ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող թնճուկներու մասին` շեշտելով, որ կան պահանջներ եւ ոչ թէ թնճուկներ:

Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին նաեւ, որ յաջորդ կառավարութեան մէջ սիւննի համայնքի ներկայացուցչութիւնը պիտի ըլլայ ճշգրիտ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES