ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՀՈՒՆԳԱՐԻԱ` 58-78 , – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍԼՈՎԱՔԻԱ` 76-52
Եւրոպայի պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար կրտսերներու ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ կատարած իր առաջին մրցումին, Բ. դասակարգին մաս կազմող Հայաստանի հաւաքականը 78-58 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր մրցակիցէն` Հունգարիայէն:
Թէեւ հայրենի կազմը լաւ ներկայացում մը ունեցաւ, սակայն իր դէմ գտաւ միջազգային աւելի մեծ փորձառութիւն ունեցող կազմ մը` Հունգարիան:
Սակայն իր կատարած երկրորդ մրցումին, հայրենի կազմը արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը, երբ 76-52 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սլովաքիան:
Նշենք, որ այս խմբակին մրցումները տեղի կ՛ունենան Մակեդոնիոյ մէջ:
Երէկուան մրցումներուն յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Վրաստան, որ 70-67 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լիւքսամպուրկը: Նշենք, որ Վրաստանի մարզիչն է Կիա Ղազանչեան:
Այսօր, Հայաստանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Շուէտ: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 17:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: