ԻՐ ՏՈՒԱԾ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ. «ՀԱՅ ՎԱՐՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԳՐԱՒԱԿԱՆԸ ԽՄԲԱՅԻՆ ՈԳԻՆ ԷՐ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԱՐՇԱԿ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Հայաստանի ճատրակի տղոց ազգային հաւաքականի մարզիչ Արշակ Պետրոսեան երէկ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադառնալով իր կազմին աշխարհի ախոյեան հանդիսանալուն ըսաւ. «Ճատրակի աշխարհի ախոյեան Հայաստանի հաւաքականի յաղթանակի հիմնական գրաւականն էր խմբային ոգին: «Բոլորն ալ մէկուն եւ մէկը բոլորին համար» կարգախօսով անոնք կատարեցին իրենց մրցումները: Եթէ համախմբուած են եւ կը ձգտին մէկ նպատակի, յաղթանակը կարելի է: Կու գամ ըսելու, որ այս համախմբումը կը բացակայէր Ազրպէյճանի մօտ, հակառակ անոր որ արձանագրուած արդիւնքները բարձր էին: Հոս կու գամ նշելու, որ բոլոր հարցերուն լուծման մէջ իրենց մշտապէս կ՛աջակցէր հայրենի ղեկավարութիւնը: Ցարդ չեմ կրնար ըսել, որ անոնք ի՛նչ պարգեւ պիտի ստանան իրենց այդ իրագործածին համար»:

Իր խօսքին մէջ, Պետրոսեան անդրադառնալով Լեւոն Արոնեանի Չինաստանէն Աւստրալիա մեկնումին, ըսաւ, որ ատոր մէջ տարօրինակ ոչինչ կայ, որովհետեւ ան այդ մէկը ծրագրած էր, նախքան մեր Չինաստան ժամանելը, երբ նոյնիսկ յստակ ալ չէր, որ Հայաստան ախոյեան կրնայ հանդիսանալ:

Մարզիչ Պետրոսեան ողջունեց Հայաստանի դպրոցներուն մէջ ճատրակի դասաւանդման որոշումը, որովհետեւ ատիկա կը զարգացնէ տրամաբանութիւնը:

Անոր կարծիքով, ուրիշ երկիրներ ալ պէտք է հետեւին Հայաստանի օրինակին:

Նշենք, որ Պետրոսեանէն բացի մարզական լրագրողներուն պատասխանեցին նաեւ հաւաքականին վարպետները:

Այժմ, Հայաստանի հաւաքականը պիտի սկսի պատրաստուիլ յառաջիկայ 2 նոյեմբերին սկսելիք Եւրոպայի խմբային ախոյեանութեան: Յառաջիկայ հոկտեմբերին հայրենի վարպետները Դիլիջանի մէջ ուսումնամարզական հաւաք պիտի կատարեն:

 

Share this Article
CATEGORIES