Ըստ «Հայ­կա­կան Ժա­մա­նակ»-ի. Մա­յիս 2015-ին Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւն-Հա­յաս­տան Յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն Մա­սին Նոր Հա­մա­ձայ­նա­գիր Պի­տի Ստո­րագր­ուի

1226_armenia-eu«Հայ­կա­կան Ժա­մա­նակ» օրա­թեր­թը կը գրէ, որ մա­յիս 2015-ին Ռի­կա­յի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան Արե­ւել­եան գոր­ծըն­կե­րու­թեան վե­հա­ժո­ղո­վը, եւ Հա­յաս­տա­նի ու Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը հա­մա­ձայ­նած են Ռի­կա­յի մէջ Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւն-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին նոր հա­մա­ձայ­նա­գիր ստո­րագ­րե­լու:

Օրա­թեր­թը նա­եւ կը գրէ, որ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը օրա­թեր­թին ու­նե­ցած այս տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը չեն հեր­քեր: «Մենք տե­ղե­կու­թիւն­ներ ու­նինք, որ փաս­տա­թուղ­թը մին­չեւ իսկ կրնայ կոչ­ուիլ Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւն-Հա­յաս­տան Ըն­կե­րակ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր եւ պի­տի բո­վան­դա­կէ ար­դէն իսկ ձա­խո­ղած, սա­կայն հան­րու­թեան յայտ­նի Ըն­կե­րակ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րի շարք մը կէ­տեր: Նոր փաս­տա­թուղ­թին մէջ, սա­կայն, խոր եւ հա­մա­պար­փակ ազատ առեւ­տու­րի մա­սին սահ­մա­նում­ներ պի­տի չըլ­լան, եւ պի­տի ըլ­լան միայն քա­ղա­քա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան դրոյթ­ներ: Ի դէպ, մեր աղ­բիւր­նե­րը կը յայտ­նեն, որ ար­դէն 2013-ի Վիլ­նիւս­եան վե­հա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը իրա­րու փո­խան­ցած են Ըն­կե­րակ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րի բա­նակց­ուած թղթած­րար­նե­րը եւ ար­ձա­նագ­րած, որ անոնք բա­նակց­ուած-աւար­տած են, եւ որե­ւէ պա­հու կրնան ստո­րագր­ուիլ», կը գրէ օրա­թեր­թը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )