Հրատապ Լուր. Ամալ Քլունին Հայաստանը Պիտի Ներկայացնէ Եւրոպական Դատարանին Մէջ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

1229Amal-Alamuddin-Clooney

Ամալ Ռամզի Ալամուտին-Քլունի

Այս յօդուածին մէջ առաջին անգամ անսպասելի նորութիւն մը կը բացայայտուի` հանրայայտ դերասան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ճորճ Քլունիի կինը` Ամալ Ռամզի Ալամուտինը պիտի ըլլայ մէկը այն փաստաբաններէն, որոնք յաջորդ ամիս Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ):

Որոշ ընթերցողներ կրնան հարց տալ, թէ ինչպէ՞ս կին մը` «Էլլ» (Elle) ամսագիրի նկարագրութեամբ, ունենալով «շլացուցիչ տեսք եւ շքեղ մազեր, կրելով բաց հագուստներ, նորաձեւ տաբատներ, գոյնզգոյն կրունկներ»` ներգրաւուած է նման բարդ իրաւական հարցի մը մէջ:

Շատեր տեղեակ չեն, որ Ամալ Ալամուտինը, այժմ` տիկին Քլունին, իր գեղեցիկ դէմքէն աւելի, այլ արժանիքներ ունի նման կարեւոր յանձնարարութեան համար:

Ամալ Քլունին բարձրակարգ փաստաբան է, որ մասնագիտացած է միջազգային իրաւունքի, քրէական իրաւունքի, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ արտայանձնման ոլորտներու մէջ: Ան ներգրաւուած եղած է շարք մը մեծ դատավարութիւններու մէջ, ինչպէս` Էլկինի մարմարները Մեծն Բրիտանիայէն  Յունաստան վերադարձնելու դատը, «Ուիքիլիքս»-ի Ճուլիան Ասանժի պաշտպանութիւնը եւ Ուքրանիոյ նախկին վարչապետ Եուլիա Թիմոշենքոյի դատը: Ան նաեւ աշխատած է ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի հարցերով յատուկ դատարանի դատախազի, ինչպէս նաեւ նախկին Եուկոսլաւիոյ համար Միջազգային քրէական դատարանին հետ:

Ամալ ծնած է 1978 թուականին, Լիբանան, անոր հայրը տիւրզի է, իսկ մայրը` սիւննի մահմետական: Երկու տարեկանին անոր ընտանիքը կը տեղափոխուի Մեծն Բրիտանիա: Իրաւաբանական կրթութիւնը ստացած է Նիւ Եորքի համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքին մէջ եւ աշխատած` Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ (Համաշխարհային դատարան): 2010 թուականին Լոնտոն վերադառնալէն ետք ան դարձած է «Տաութի Սթրիթ չեմպըրզ» (Doughty Street Chambers) փաստաբան: Եղած է Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿ-ի յատուկ յանձնակատար Քոֆի Անանի խորհրդականը, իսկ 2013 թուականին` ՄԱԿ-ի անօդաչու սարքերու քննութեամբ զբաղող խումբին փաստաբանը: Ան գերազանց կը տիրապետէ անգլերէնին, ֆրանսերէնին եւ արաբերէնին: 2014 թուականի սեպտեմբերին անոր ամուսնութիւնը Ճորճ Քլունիի հետ լայնօրէն լուսաբանուեցաւ միջազգային մամուլի մէջ:

Տիկին Քլունին, նման անթերի արժանիքներով, մեծ առաւելութիւն մը պիտի ըլլայ Հայաստանի իրաւական խումբին համար Սթրազպուրկի մէջ` յունուար 28-ին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ «Փերինչեքը ընդդէմ Զուիցերիոյ» վերաքննութեան գործին:

1229Doğu-Perinçek'

Տողու Փերինչեք

Դատական գործը կապուած է զուիցերական դատարաններու կողմէ թրքական փոքրիկ կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչեքը մեղաւոր ճանչնալուն հետ, որ 2005-ին մեկնած էր Զուիցերիա` յատուկ դիտաւորութեամբ ժխտելու Հայոց ցեղասպանութիւնը: 2008-ին Փերինչեքը Զուիցերիոյ դատարանի որոշումը բողոքարկեց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ: 2013-ի դեկտեմբեր 17-ին ՄԻԵԴ-ի եօթը դատաւորներէն հինգը որոշում կայացուցին, որ Զուիցերիան խախտած է Փերինչեքի ազատ խօսքի իրաւունքը:

Ասիկա երկակի չափանիշներով կայացուած անարդար եւ անընդունելի որոշում էր, քանի որ դատարանը հրեաներու Ողջակիզումին ժխտումը յանցանք համարած է, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման արգելումը` խօսքի ազատութեան ոտնահարում: Հինգ դատաւորները, որոնք որոշում կայացուցած էին ընդդէմ Զուիցերիոյ, թոյլ տուած են դատողութեան եւ տուեալներու անհամար սխալներու` աղաւաղելով Փերինչեքի պնդումները, խեղաթիւրելով Զուիցերիոյ օրէնքներն ու դատավճիռները, չունենալով Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ տարրական գիտելիքներ եւ բազմիցս հակասելով իրենք զիրենք: Եօթը դատաւորներէն երկուքը չհամաձայնեցան մեծամասնութեան որոշումին եւ ներկայացուցին 19 էջնոց համապարփակ զեկոյց մը Հայոց ցեղասպանութեան մասին` կողմնակից ըլլալով զուիցերիական դատարանին:

2014-ի մարտ 17-ին Զուիցերիա որոշեց բողոքարկել ՄԻԵԴ-ի վճիռը 17 դատաւորներէ կազմուած Մեծ պալատին` պաշտպանելու համար իր երկրի օրէնքներուն եւ իրաւական համակարգին վարկը: Մասնաւորապէս Զուիցերիոյ կառավարութիւնը դատարանի որոշումը վիճարկեց հետեւեալ երեք պատճառներով.

1) ՄԻԵԴ-ը նախապէս երբեք չէ զբաղած ցեղասպանութեան իրաւական որակաւորմամբ եւ խօսքի ազատութեան սահմանումով.

2) Զուիցերիոյ «հայեցողութեան շրջանակի» անհարկի ձեւով նուազեցում` ըստ ՄԻԵԴ-ի իրաւագիտութեան փորձի.

3) «Արհեստական տարբերութիւններու» ստեղծում. միջազգային դատավճիռի բացակայութեան պայմաններու մէջ ՄԻԵԴ-ը պէտք է դիտարկեր թրքական դատարանի 1919-ի վճիռը ընդդէմ Հայոց ցեղասպանութեան հեղինակներու` որպէս Միջազգային դատարանի իրաւագիտութեան փորձի առնչուող ապացոյց:

Անցեալ տարի Հայաստան չէ մասնակցած ՄԻԵԴ-ի ստորին ատեանի դատարանին կայացած Փերինչեքի գործով դատավարութեան: Սակայն Թուրքիան միջամտած է` ներկայացնելով Հայոց ցեղասպանութիւնը կասկածի տակ դնող ծաւալուն փաստաթուղթեր: Այս անգամ Հայաստան պիտի մասնակցի ուժեղ իրաւաբաններու խումբով, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած է միջազգային նշանաւոր իրաւաբան եւ “Անյարմար ցեղասպանութիւն. ո՞վ այսօր կը յիշէ հայերու մասին” ուշագրաւ գիրքի հեղինակ Ճեֆրի Ռապըրթսընը: Դատարանին մէջ Ռապըրթսընին պիտի միանան անոր գործընկեր Ամալ Քլունին եւ Հայաստանի կառավարութեան երկու ներկայացուցիչներ` Գէորգ Կոստանեանը եւ Էմիլ Բաբայեանը:

Շատ կարեւոր է, որ 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրէին ՄԻԵԴ-ի Մեծ պալատը վերանայի ստորին ատեանի դատարանին թերի որոշումը` վերականգնելով Զուիցերիոյ օրէնքներու իրաւացիութիւնը եւ կանխելով Թուրքիոյ եւ Փերինչեքի կողմէ Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան արտահանումը Եւրոպա եւ այլուր…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )