«ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄԸ ՏԿԱՐ ԷՐ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան emedia.am կայքէջին հետ զրոյցի մը ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութիւնները մեկնաբանելով ըսած է, որ անոնք շատ յղփացած մարդու յայտարարութիւններ են:

Ամէն պարագայի, ասիկա արդէն քանիերորդ առիթն է, որ Հայաստանը ըսէ, թէ նման դրացիի հետ մեր բանակցութիւնները ձախողած են անոր պատճառով, եւ Հայաստան իր ստորագրութիւնը ետ վերցնէ (Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններէն), նշած է Մանոյեան:

Անդրադառնալով Հայաստանի նախագահի յայտարարութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի յայտարարութիւններուն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգին` Կ. Մանոյեան ըսած է, որ ատիկա տկար մօտեցում էր: «Օրինակ` Թուրքիոյ «Ակօս» հայերէնով շաբաթաթերթը շատ աւելի պատուաւոր ձեւով արձագանգած է, եւ ճիշդ չէ, որ Թուրքիոյ վարչապետին այս պահուածքը Հայաստանի մէջ կ՛արժանանայ նման պատասխանի», ընդգծած է Մանոյեան:

Ինչ կը վերաբերի հայկական նիւթերու ողիմպիականին մասնակից աշակերտներէն մէկուն հարցումին նախագահ Սերժ Սարգսեանի տուած պատասխանին, Կ. Մանոյեան զայն նկատած է «հայրական»: «Պատասխանը չափազանցուած չէր, պարզապէս այն շեշտադրումը, որ նախագահը կատարած էր, որ յաճախ հողի չափերով երկրի կշիռը չ՛որոշուիր, այդ մասը կը կարծեմ խոցելի է, իսկ մնացեալը բաւական նախագահի յարիր, հայրական պատասխան էր: Անպատշաճ ոչինչ կար», ընդգծած է Մանոյեան:

 

Share this Article
CATEGORIES