ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼՈՎ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԽՕՍՔԵՐՈՒՆ` «ԹՈՂ ԽԵԼՔԵՐՆԻՆ ԳԼՈՒԽՆԻՆ ՀԱՒԱՔԵՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ԽԱՂԻՆ ՄԷՋ ՉՄՏՆԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՊԻՒԼԵՆԹ ԱՐԸՆՉ
Անգարա կը շարունակէ քննադատել Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ծաղկաձորի մէջ հայագիտական նիւթերու համահայկական ողիմպիականի մասնակիցներուն առջեւ արտասանած խօսքերը: Վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն եւ պետական նախարար ու Եւրոպական Միութեան մօտ բանագնաց Էկեմէն Պաղըշէն ետք այժմ կարգը Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչին է:
Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Արընչ, անդրադառնալով նախագահ Սարգսեանի խօսքերուն, ըսած է. «Ատիկա անպատասխանատուութիւն է եւ սադրանք, որմէ Հայաստան ոչինչ պիտի շահի® Սարգսեանի ելոյթը ներքին լսարանին համար էր: Իսկ մեր վարչապետը արժանի պատասխանը տուաւ»:
«Թուրքիան հզօր պետութիւն է: Ոչ ոք կրնայ Թուրքիոյ, մեր սարերուն, մեր դաշտերուն ու ջուրերուն ծուռ նայիլ® Մենք ենք այս հողերուն տէրերը», յայտնած է Արընչ եւ աւելցուցած. «Հայաստան տնտեսական լուրջ խնդիրներ ունի: Երբ ժամանակին սոված էին, մենք անոնց ցորեն ուղարկած ենք: Թող խելքերնին գլուխնին հաւաքեն եւ սփիւռքի խաղին մէջ չմտնեն»: