«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻ ԴԱՌՆԱԼ ԱՅՆՊԻՍԻ ԵՐԿԻՐ ՄԸ, ԻՆՉՊԷՍ ՈՐ ԵՆ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Նախագահ Սարգսեան կը ճամբէ Լեհաստանի նախագահը

Երէկ Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Լեհաստանի նախագահ Պրոնիսլաւ Քոմորովսքիի հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը:

Մինչ այդ, երկու երկիրներուն նախագահները կարճատեւ դռնփակ հանդիպումի մը ընթացքին անդրադարձան Լեհաստանի նախագահին պաշտօնական այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած հանդիպումներուն քննարկումներուն:

«Ես հոսկէ կը հեռանամ խորապէս համոզուած, որ Հայաստանին եւրոպական համարկումի ճամբուն վրայ աջակցութիւնը կարեւոր է եւ իմաստաւորուած: Մենք կրնանք նաեւ հայ-լեհական երկկողմանի շատ սերտ յարաբերութիւններ կառուցել, բան մը, որուն ներուժը կայ», ըսաւ նախագահ Քոմորովսքի:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր կարգին նշեց, որ Հայաստան իրօք կը ձգտի դառնալ այնպիսին, ինչպիսին Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներն են, եւ այդ ճամբուն վրայ բարեկամներու աջակցութիւնը չափազանց կարեւոր է:

Լեհաստանի նախագահը պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան հասած էր 27 յուլիսին:

 

Share this Article
CATEGORIES