ՖՐԵՆԺԻԷ ԱՅՑԵԼԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Ռայի պատրիարքը եւ երեսփոխան Ֆրենժիէ

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ընկերակցութեամբ իր կնոջ այցելեց Տիման:

Տիմանի մէջ ան հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ իրենք Պքերքէի ուղեգիծին կը հետեւին բոլոր հարցերուն առումով:

Ֆրենժիէ նաեւ շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի ընտրական որեւէ օրէնքի, զոր կ՛ընտրէ Պքերքէն:

Share this Article
CATEGORIES