ԲԱՆԱԿԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 66-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՈՒՂՂԱԾ ԻՐ ՕՐՈՒԱՆ ՀՐԱՀԱՆԳԻՆ ՄԷՋ ՔԱՀՈՒԱԺԻ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԵՐԿԱԹԵԱՅ ԲԱԶՈՒԿՈՎ ՀԱՐՈՒԱԾԵԼՈՒ ՍԱԴՐԱՆՔ ՆԻՒԹՈՂՆԵՐՈՒՆ

Զօր. Ժան Քահուաժի

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ օրուան հրահանգը ուղղեց լիբանանեան բանակին` վերջինիս հիմնադրութեան 66-ամեակին առիթով:

Զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ բանակին հաստատ առաքելութիւնը Լիբանանի պահպանումն է` անոր միասնականութեամբ, արժանապատուութեամբ եւ գերիշխանութեամբ:

«Բանակին իրագործումները յստակ փաստեր են, որոնք կ՛արտացոլեն զինուորական եւ ազգային ձեր սկզբունքները, ինչպէս նաեւ ձեր մէջ կ՛արմատացնեն ձեր հաւատքը` երկրին նկատմամբ», ըսաւ ան:

Զօր. Քահուաժի նկատել տուաւ, որ տակաւին մօտիկ անցեալին ինք պահանջած է բանակի զինուորներէն պայքարիլ եւ դիմանալ մարտահրաւէրներուն դիմաց , ինչպէս նաեւ ընդգծած է լիբանանեան ներքին կացութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը, «իսկ այսօր կոչ կ՛ուղղեմ ձեզի դառնալու լիբանանեան պետութեան ամուր բազուկը եւ երկաթեայ հարուածներ իջեցնելու սադրանքներուն` զանոնք իրենց օրօրոցին մէջ սպաննելու գնով», ըսաւ ան:

Բանակի հրամանատարը կոչ ուղղեց նաեւ կասեցնելու բոլոր այն փորձերը, որոնք կը խանգարեն Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութիւնը` շեշտելով, որ լիբանանեան բանակը պէտք է երկրին քաղաքական բոլոր ուժերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ մնայ:

Զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը միշտ պէտք է պատրաստ ըլլայ` պաշտպանելու համար հարաւային Լիբանանի իր սահմանները, ինչպէս նաեւ գործադրելու համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը` դիմադրելով Իսրայէլի, որ մնայուն կերպով ոտնձգութիւններ կը գործէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ, բռնագրաւուած կը պահէ Լիբանանի հողերը, ինչպէս նաեւ կը մերժէ անսալ արդար եւ ամբողջական խաղաղութեան պայմաններուն գործադրութեան:

Share this Article
CATEGORIES