ԴԱՏԱԽԱԶ ՖՐԵՆՍԻՆ ԲԱՑԱՅԱՅՏԵՑ ՀԱՐԻՐԻԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ ԱՄԲԱՍՏԱՆԵԱԼՆԵՐԸ
Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի վարչական հարցերու պատասխանատու դատախազ Տանիէլ Ֆրենսին երէկ արձակեց վճիռ մը, որուն հիման վրայ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանուած յանցագործներուն անուններն ու անոնց մասին տեղեկութիւնները բացայայտուեցան:
28 յունիսին Միջազգային դատական ատեանին կողմէ արձակուած այս վճիռին իբրեւ հետեւանք, երէկ յայտարարուեցան ամբաստանեալներուն մասին տեղեկութիւնները, ինչպէս նաեւ հրապարակուեցան ամբաստանեալներուն լուսանկարները:
Չորս ամբաստանեալներն են` Մուսթաֆա Ամին Պատրէտտին (ծանօթ իբրեւ Սամի Իսա), Սելիմ Ժամիլ Այյաշ, Ասատ Հասան Սապրա եւ Հիւսէյն Հասան Օնէյսի:
Դատախազ Ֆրենսինի որոշումին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Միջազգային դատարանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմար եւ Լիբանանի ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզա քննարկելէ ետք ամբաստանեալներուն անունները բացայայտելու թղթածրարը նկատեցին, որ լիբանանեան օրէնքներուն չի հակադրուիր այդ բացայայտումը:
Ֆրենսին յայտնեց, որ ամբաստանեալներուն ինքնութեան բացայայտումը չի վնասեր անոնց իրաւունքներուն:
Նշենք, որ 11 օգոստոսը ժամկէտ ճշդուեցաւ լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ ամբողջական տեղեկագիր մը ներկայացնելու ամբաստանեալներուն եւ զանոնք ձերբակալելու մասին: