ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԸԶՐԻՆ

Պըզրի եւ խորհրդարանի նախագահը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Սայտայի նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Պըզրի յայտնեց, որ իրենք հիմնականին մէջ քննարկած են երկու հարցեր, որոնցմէ առաջինը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը եւ յատկապէս ֆրանսական ջոկատը թիրախ դարձուցած պայթումին մասին է:

Պըզրի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ը թիրախ դարձնելու այս հանգրուանը զարմանալի է, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Լիբանան կը պահանջէ ՖԻՆԻՒԼ-ին իրաւասութիւնները ընդարձակել, որպէսզի կարելի ըլլայ նաեւ Լիբանանի ծովային սահմանները գծել:

Պըզրի ընդգծեց, որ Լիբանան միշտ պէտք է յանձնառու մնայ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ապահովութեան, որպէսզի անոնց առաքելութիւնը հեզասահ ընթանայ:

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ:

Share this Article
CATEGORIES