ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԶՕՐ. ԱՈՒՆԻ ՀԵՏ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՍԿՍՄԱՆ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Զօր. Աուն եւ նախագահ Սլէյման

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ազգային երկխօսութեան վերսկսելու միջոցները եւ ներքին լիբանանեան քաղաքական կեանքին վրայ անոնց ունենալիք դրական ազդեցութիւնը:

Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Աուն շեշտեցին, որ պէտք է երկխօսութեան սկսիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին քաղաքական լարուածութիւնը թեթեւցնել, ինչպէս նաեւ քաղաքական նոր հանգրուանի մը սկսիլ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները, շրջանային առումով արձանագրուած զարգացումները, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող օրինագիծը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին, որուն հետ քննարկեց դատական իշխանութիւններուն վերաբերող հարցերը, յատկապէս անոնք, որոնք կը վերաբերին անլոյծ դատական հարցերու լուծման:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ երեսփոխան Ասեմ Արաժին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ 2011-ի Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհի Եարա Խուրի Մխայիլը` ընկերակցութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտի:

Share this Article
CATEGORIES