ՕՐԸ ՕՐԻՆ. ՈՂՋՈ՛ՅՆ ԱԽՈՅԵԱՆՆԵՐՈՒՆ
Ճատրակը մեր տարերքը կը թուի ըլլալ: Խմբակային թէ անհատական մրցումներուն, ճատրակի մէջ մեր երիտասարդները կը ցուցաբերեն գերազանց կարողութիւններ` ապահովելով հպարտառիթ յաղթանակներ ու դափնիներ:
Այսօր կը ցնծանք մեր տղոց յաղթանակով: Այսօր, որ տարելիցն է հինգ հերոս տղաներու` Լիզպոնի նահատակներու ինքնազոհ սխրանքին, մեր երկրին պատիւը բարձրացնող յաղթանակը տարբեր ձեւով կը զգանք` զայն նկատելով անոնց` ողջակէզներուն, երազի մէկ մասնիկի իրականացումը. ազգերու ընտանիքին մէջ մեր արժանաւոր տեղը գրաւելով ապրիլ, պայքարիլ, ստեղծել, կերտել` ամբողջական հայրենիքի ազատ ու անկախ սահմաններուն մէջ:
Հաւանաբար, ճատրակի մեր երիտասարդ վարպետները տեղեակ ալ չեն Լիզպոնի հինգին արիւնով գրուած պատմութեան մասին. ոչինչ` պիտի ըսէին արեւելահայերը, կարեւորը այն է, որ բոլոր անոնք, որոնք ազգային ազատագրական պայքարի ոգիով դաստիարակուած են, բոլոր անոնք, որոնք Լիզպոնի սխրանքէն ազգին ու հայրենիքին` մեր Դատին ծառայելու ներշնչումը կը ստանան, անոնք այս եւ մեր բոլոր յաղթանակներուն պահուն, անպայմանօրէն կը յիշեն ոչ միայն Լիզպոնի նահատակները, այլեւ հին ու նոր բոլոր նուիրեալները:
Ճատրակի վարպետները իրենց յաղթանակը թերեւս ուզեն նուիրել իրենց ծնողներուն, իրենց ընտանիքին, իրենց անմիջական հարազատներուն` իրենց ազգին, ու բոլոր անոնց, որոնք կը կիսեն իրենց փառաւորման հրճուանքը:
Հայութեան գոյութիւնն իսկ մոռցած աշխարհի մը մէջ կ՛ապրէին Լիզպոնի տղաքը: Հիմա` աշխարհով մէկ կը հնչէ Ճատրակի վարպետներու երկրին քայլերգը ու կը փողփողի անոր Եռագոյն դրօշը:
Ողջո՛յն Ճատրակի ախոյեան տղոց: Փա՛ռք մեր նահատակներուն:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

