ԶՄՄԱՌՈՒ ՏԻՐԱՄՕՐ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ` ՄԻՔԱՅԷԼ Թ. Ծ. ՎՐԴ. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆԻ
Արարողութեան նախագահեց եւ ձեռնադրութիւնը կատարեց կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը: Արարողութեան աւարտին նորոգ ձեռնադրեալ եպիսկոպոսը տուաւ իր անդրանիկ պատգամը` հայերէնով եւ արաբերէնով: Ան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին սոյն արարողութեան, նաեւ երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապին, որ զինք առաջնորդ կարգած էր:
Միքայէլ եպս. Մուրատեան յայտնեց, որ իր ձեռնադրութեան առիթով ընտրած նշանաբանն է, Ս. Պօղոսի այն խօսքը, որ կը խրախուսէ իր Տիմոթիոս աշակերտը` ըսելով. «Պահէ՛ բարի աւանդը` մեր մէջ բնակող սուրբ հոգիին միջոցով»` աւելցնելով, որ աւանդը կը խորհրդանշէ քրիստոնէական հաւատքի դաւանութիւնը, որով 301-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մկրտեց Տրդատ թագաւորը:
Ան նկատել տուաւ, որ բոլորս ալ կոչուած ենք վկաները ըլլալու այս բարի աւանդին, այս բարի լուրին, այս բարի յոյսին:
Ձեռնադրեալ գերապայծառը հաստատեց, որ առանձին չի կրնար կրել եպիսկոպոսական աստիճանի ծանր լուծը, սակայն հետեւելով Ս. Պօղոսի խօսքին` իր ամբողջ էութեամբ ինքզինք կը յանձնէ Ս. հոգիին թելադրանքներուն ու շնորհին: «Յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսն է ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը», հասատատեց Միքայէլ եպս. Մուրատեան` աւելցնելով, որ ինք այս հաւատքով մեծցած է եւ այդ սորված է: «Ես վստահ եմ, որ Զմմառու միաբանութիւնը պիտի շարունակէ իր բարձրաթռիչք երթը Յիսուս Քրիստոսի ճամբուն վրայ` ի ծառայութիւն հայ ազգին, ի պայծառութիւն եկեղեցւոյ», շեշտեց գերապայծառը եւ եզրափակելով իր խօսքը խնդրեց Տիրոջմէն, որ իրեն պարգեւէ զգաստութիւն եւ զատորոշում` կատարելու համար իր կամքը, որպէսզի վստահելով երկինքի շնորհին, իմաստութեամբ, սիրով եւ սրբութեամբ առաջնորդէ իրեն յանձնուած հօրը դէպի լեռնային արօտավայրերը:
Օծման արարողութեան ընթացքին կարդացուեցաւ այս առիթով Պենետիկտոս ԺԶ. պապին կոնդակը: