«ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՍԻՐՏԸ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

«Դպրեվանքը մեր հայրապետները նկատած են սիրտը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Սա տեսական յղացք մը չէ, ո՛չ ալ սովորական մաղթանք մը: Այսպէ՛ս եղած է մեր Սուրբ աթոռին դպրեվանքը իր մարդակերտումի առաքելութեամբ: Արդարեւ, անցնող տասնամեակներուն, սփիւռքի մէջ, հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան ծիրին մէջ առանցքային դեր ունեցած է մեր դպրեվանքը: Սփիւռքի գաղութներուն մէջ ծառայող հոգեւորականներուն, սարկաւագներուն, դպրապետներուն, ուսուցիչներուն, մտաւորականներուն մեծամասնութիւնը դպրեվանքէն անցած են ու դպրեվանքի ոգին եւ տեսիլքը շաղախած իրենց կեանքին ու գործին մէջ: Նոյն առաքելութիւնն է, որ դպրեվանքը այսօր կը շարունակէ վերանորոգ յանձնառութեամբ»: Այս բառերով ողջունեց Արամ Ա. կաթողիկոս, երբ դպրեվանքին նոր տեսուչ նշանակեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երէց միաբաններէն Նարեկ արք. Ալեէմէզեանը: Արդարեւ, անցնող հինգ տարիներուն Շահէ եպս. Փանոսեան նուիրումով ծառայելէ յետոյ դպրեվանքին, վեհափառը զինք նշանակեց Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ:

Նարեկ սրբազանի կողքին, իբրեւ տեսչութեան անդամ վեհափառը նշանակեց Ստեփանոս վրդ. Փաշայեանը, Վարանդ վրդ. Քորթմոսեանը եւ Շնորհք աբղյ. Աշըգեանը: Նաեւ որոշ փոփոխութիւններ եղան ուսուցչական կազմին մէջ: Ուսուցչական կազմը կը գլխաւորէ վեհափառը` աւարտական դասարանին դասաւանդելով աստուածաբանութիւն:

Դպրեվանքի տեսչութիւնը յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի սկսի նոր սաներու արձանագրութեան: Յայտնենք, որ դպրեվանք կրնան դիմել նախակրթարանը աւարտած, ինչպէս նաեւ պրէօվէի ու պաքալորէայի դասարանները աւարտած աշակերտներ` սփիւռքի բոլոր գաղութներէն, բնականաբար մուտքի քննութիւն տալէ ետք:

Share this Article
CATEGORIES