ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԷՋ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐՈՒՆ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԿԸ ՄԵԾՆԱՅ
Այս տարուան սկիզբէն ի վեր արաբական շարք մը պետութիւններու մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն երեւոյթը կը թուի, թէ հասած է նաեւ Իսրայէլ: Իսրայէլեան աշխատաւորական միութիւններ սկսան իսրայէլեան խորհրդարանին եւ Երուսաղէմի մէջ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կեցութեան վայրին առջեւ վրաններ լարելու` «Ժողովուրդը ընկերային արդարութիւն կը պահանջէ» կարգախօսին ներքեւ պահանջելով բարելաւել բնակութեան, կրթութեան եւ առողջապահութեան մարզերուն մէջ իրենց կենսամակարդակը:
Բողոքի ցոյցի հրաւէրները յունիսի վերջաւորութենէն սկսեալ սկսած էին զետեղուիլ «Դիմատետր» եւ «Թուիթըր» ընկերային կայքէջերուն վրայ` պահանջելով բնակեցման գիներու բարձր գիները նուազեցնել: Պահանջները հետագային ընդլայնուելով ներառեցին միջին դասակարգին համար պետական ծառայութեանց մակարդակը բարձրացնելու հարցը` մասնաւորաբար առողջապահական եւ կրթական մարզերուն մէջ:
Ժողովրդային շարժումները անցեալ քանի մը օրուան ընթացքին ընդլայնեցան եւ ստացան «Վրաններու յեղափոխութիւն» անունը, որովհետեւ իսրայէլեան քաղաքներուն մեծամասնութեան ` Թել Աւիւի, Երուսաղէմի, Նազարէթի եւ Պիր Սապըհի վրաններ լարուեցան: Բողոքի այս ցոյցերը Իսրայէլի գոյութեան 63 տարիներուն ընթացքին մեծագոյնը կը նկատուին:
Բողոքի ցոյցերուն տարողութիւնը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն մղեց պատրաստելու տագնապէն դուրս գալու ծրագիր մը, որ կը ներառէ միջին դասակարգին վրայ անուղղակի տուրքերու նուազում: Ցոյցերուն միացան նաեւ «1948-ի արաբներ» անունով ծանօթ Իսրայէլի քաղաքացի պաղեստինցի գործիչներ:
Մինչ այդ, իսրայէլեան խորհրդարանի(Քնեսեթ) անդամները կոչ ուղղեցին իրենց ամառնային արձակուրդը կրճատելու եւ անմիջապէս Քնեսեթի նիստ մը գումարելով ցոյցերու տագնապը քննարկելու: Սակայն խորհրդարանական պլոքներու ղեկավարները համամիտ չգտնուեցան այս առաջարկին:
Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես աշխատաւորական համադաշնակցութեանց պատասխանատուները ժողովի մը հրաւիրեց:
Նշենք, որ ըստ ցոյցերու կազմակերպիչներուն, ցոյցերու մասնակիցներուն թիւը 120 հազար է, իսկ ըստ իշխանութեանց` 80 հազար:
«Ֆրանս24» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թել Աւիւի մէջ 50 հազար հոգի կը մասնակցի ցոյցին, իսկ Երուսաղէմի մէջ` 15 հազար հոգի: