ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ 21 ՄԻԼԻԱՌ ՏՈԼԱՐԻ ԱՊԱԳԱՆ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ Է

Ազրպէյճանի պետական քարիւղի ընկերութիւնը իր բաժնետոմսերուն 47 առ հարիւրը (21 միլիառ տոլար) կը պահէ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ, եթէ քոնկրեսը չկարենայ օրինական լուծում տալ երկրի պարտքը աւելցնելու հարցին, ապա այդ փոխառութիւններուն արժէքը խիստ պիտի իյնայ: Այս մասին «Ենի Մուսաւաթ»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ազրպէյճանցի տնտեսագէտ-փորձագէտ Վիւկար Պայրամով:

«Չի բացառուիր, որ 2 օգոստոսի քննարկումներուն ժամանակ, Միացեալ Նահանգներ յայտարարեն իրենց տնտեսութեան թերութեան մասին, որուն հետեւանքները աղէտալի պիտի ըլլան շատ երկիրներու, ներառեալ նաեւ Ազրպէյճանի համար», ըսած է ան:

Նշելով, որ տնտեսական թերութիւնը Ազրպէյճանի տնտեսութեան վրայ բացասական ազդեցութիւն պիտի ձգէ երեք ուղղութիւններով` Վ. Պայրամով ըսած է, որ նման պարագաներու, Ազրպէյճանի պետական քարիւղային հիմնադրամի արժեթուղթերու արժեզրկման հետ պիտի արժեզրկուի նաեւ տոլարը: «Արժեթուղթերուն 70 առ հարիւրը ամերիկեան դրամատուներուն մէջ տոլարով կը պահուի, իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ Ազրպէյճանի 21 միլիառ տոլար խնայողութիւններուն արժէքը հարցականի տակ պիտի մնայ: Թերութենէն ետք յառաջացած ճգնաժամին ժամանակ, քարիւղի պահանջարկը եւ արժէքը պիտի իյնան: Իսկ ասիկա Ազրպէյճանի տնտեսութեան համար, որուն արտածման 92 առ հարիւրը քարիւղն ու քարիւղի մթերքները կը հանդիսանան, պետական պիւտճէի 75 առ հարիւրը քարիւղէն ստացուող եկամուտները կը կազմեն, իսկ Համախառն ներքին արտադրութեան  68 առ հարիւրը քարիւղի արտածումէն կը ձեւաւորուի, ոչ մէկ լաւ բան կը խոստանայ», կը կանխատեսէ ազրպէյճանցի փորձագէտը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES