ԸՍՏ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ԽԱԽՏՄԱՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ Է ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ՍՊԱՅ ՄԸ

«Հայերուն կողմէ զինադադարի խախտման պատճառով զոհուած է ազրպէյճանական բանակի սպայ Էլշատ Հասանլիօղլու Հասանովը», ԱՓԱ լրատու գործակալութեան ըսած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան պետի տեղակալ, հրամանատար Թէյմուր Ապտուլլայեւ:

Ապտուլլա եւ տեղեկացուցած է, որ դէպքը տեղի ունեցած է Աղտամի շրջանին մէջ: Հայկական դիրքերէն արձակուած գնդակէն գլուխէն մահացու վէրք ստացած է 1988-ին ծնած սպայ Էլշատ Հասանլիօղլու Հասանով:

 

Share this Article
CATEGORIES