ԻՐ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԻՆ ՄԷԿ ՄԱՍԸ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՆՑԸՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԴՈՒՐՍ
Նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթ օր մեկնած է կարճատեւ արձակուրդի, որուն մէկ մասը պիտի անցնէ Հայաստանէն դուրս: Այս մասին կը յայտնէ նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:
11 օգոստոսին նախագահ Սերժ Սարգսեան պիտի մասնակցի «Արմենիա» առագաստանաւի շուրջերկրեայ նաւարկութեան աւարտի հանդիսութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Կիպրոսի Լիմասոլ քաղաքին մէջ: 12 օգոստոսին նախագահը պիտի մեկնի Ղազախստանի Հանրապետութիւն` մասնակցելու Ասթանայի մէջ տեղի ունենալիք Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ-երկիրներու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական վեհաժողովին:
CATEGORIES Հայկական

